2012-09-22 12:32:30

Շնորհակալական Եւ Երախտագիտական Խօսք՝ Ուղղուած Գերյ. Հ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեանին։


Մոնթրէալի հայ կաթողիկէ Նարեկի Տիրամօր նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, Սեպտեմբեր 9-ին՝ կիրակնօրեայ Ս Պատարագներուն ընթացքին, հոգեւոր հովիւը՝ Հ Գէորգ ծ∙ վրդ∙ Զապարեան եւ հաւատացեալները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին գերյ. Հ. Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանին‚ վերջին չորս տարիներուն իր մատուցած հովուական թանկագին ծառայութեան համար։
Գերյարգելին՝ (ինչպէս արդէն ըսած էինք) հրաժեշտ կ՝առնէր Մոնրէալէն, ստանձնելու նոր պատասխանատուութիւններ, Պէյրութի մէջ (Լիբանան)։
Այս առթիւ Պատարագի վարդապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ.
Խօսքը քաղեցինք Ժողովրդապետութեան ամսագրէն. (2012-ի՝ Սեպտ. Հոկտ. թիւէն)

Սիրելի եղբայներ եւ քոյրեր,
Շնորհակալական եւ երախտագիտական սկզբունքները մեզմէ կը պահանջեն ճանչնալ ու գնահատել ուրիշներուն մեզի մատուցած ծառայութիւնները:
Այս սկզբունքներէն մեկնելով, այսօրուայ Սուրբ Պատարագի ընթացքին որ ինքնին շնորհակալական եւ գոհաբանական աղօթք է առ Աստուած՝ Տուիչ ամենայն բարեաց, կ'ուզեմ ձեր եւ իմ անունով՝ շնորհակալ ըլլալ մեր սիրելի եղբօր, սրտակից բարեկամին, հաւատարիմ գործակիցին, առաքինի վարդապետին, պերճախօս քարոզիչին, գրչի վարպետին, դպրոցներ, վանք ու նորընծայարան բարեզարդողին եւ դժուարին պատասխանատուութիններու մարդուն՝ Գերյարգելի Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեանի, որ այս վերջին տարիներուն ընթացքին մեր ժողովրդապետութենէն ներս պաշտօնավարելով՝ ձեզի եւ ինծի թանկագին ծառայութիւններ մատոյց՝ բարի տրամադրութեամբ, օրինակելի խոնարհութեամբ, վեհանձնութեամբ, խոր սիրով եւ ամուր հաւատքով:
Գերյարգելին Լիբանան կը դառնայ ստանձնելու իր լայն տեսութիւններու եւ բազմաթիւ ձիրքերու համապատասխան հովուական նոր առաքելութիւն մը հնազանդելով՝ Մեծաւորներու հրահանգներով արտայայտուած Աստուծոյ կամքին:
Մոնրէալի մեր ժողովրդապետութիւնը զինք պիտի կորսնցնէ յօգուտ այլ ժողովրդապետութեան մը որ կարիքն ունի Զմմառեան Միաբանութեան անդամ վարդապետի մը ներկայութեան, ինչպէս նաեւ հովուական կարողութիւններու եւ յանդուգն ծրագիրներու տէր անձնաւորութեան մը որուն անցեալին կատարած իրագործումները թէ' Սուրիոյ թէ' Լիբանանի մէջ բարձրօրէն գնահատուած են թէ' հայ կաթողիկէ Նուիրապետութեան թէ' հաւատացեալներու կողմէ: Ամենուրեք Գերյարգելիին ներկայութիւնը գրաւական մը եղած էր յառաջդիմութեան եւ զարգացման:
Ուստի, երախտագիտութեան եւ սիրոյ յուզումնախառն զգացումներով՝ իրեն ողջերթ եւ արդիւնաւոր առաքելութիւն կը մաղթենք եւ իբրեւ յուշանուէր իրեն կ'ընծայենք՝ պատարագի ոսկեզօծ սկիհ մը որպէսզի մեզ յիշէ՝ իրեն յանձնուած եկեղեցիին կամարներուն ներքեւ մատուցանելիք պատարագներու ատեն: Բարո՜վ երթաք սիրելի Գերյարգելի: Տէր ընդ ձեզ:
Յետ իւրաքանչիւր Պատարագին‚ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.