2012-09-22 12:12:29

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Պետական Յանձնախումբի Բ. Նիստը։


20 սեպտեմբեր 2012-ի յետմիջօրէին Արամ Ա. Կաթողիկոս ժամանեց Հայաստան` իր մասնակցութիւնը բերելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի երկրորդ նիստին:
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցան Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Ապա անոնք միասնաբար մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի ժողովին:
Յայտնենք, որ նիստէն առաջ երկու վեհափառ հայրապետները Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին ներկայութեան առանձին հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հետ: Յիշեալ հանդիպման ընթացքին լայն անդրադարձ եղաւ Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի թուականը` 2015-ը, պիտի չըլլայ բացառիկ իրադարձութեան տարի: «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հաղորդումով` Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնախումբի քարտուղար Հայկ Դեմոյեան լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ յանձնախումբի հիմնական հարցադրումներէն մէկն է, թէ ի՞նչ ձեւով պիտի շարունակեն Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հանրահռչակման հոլովոյթը. արդեօ՞ք պիտի սահմանափակուին գրահրատարակչութեամբ կամ դասախօսութիւններ կազմակերպելով:
«Թրքական կողմը, ի վերջոյ, կ՛ուզէ, որ 2015 թուականին ցունամին գայ, ու իրենք հանգստանան: Առաջին ուղերձը իրենց պէտք է ուղղենք, որ 2015-ով ոչինչ կը վերջանայ: Երբեք պէտք չէ տրամադրուինք, որ 2015 թուականին, եթէ որոշ լուրջ արդիւնքներու չհասնինք, ապա պէտք է հիասթափուինք», նշեց Դեմոյեան: Ըստ անոր, 2015 թուականով ոչ մէկ բան կ՛աւարտի, ընդհակառակը` ամէն ինչ նոր կը սկսի:








All the contents on this site are copyrighted ©.