2012-09-22 12:18:58

Ըստ Բրիտանական «Կարտիըն»Թերթին Քրտական Տագնապը Լուծելու Էրտողանի Ծրագիրը Ձախողած ։


Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը գրած է, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ երկու տարի առաջ մշակուած քրտական տագնապը լուծելու նախաձեռնութիւնը արդէն իսկ ձախողած պէտք է համարել, որովհետեւ կացութիւնը ոչ միայն չէ լաւացած, այլ թրքական իշխանութիւնները 2011ի Փետրուարէն ի վեր բանտարկած են հազարաւոր քիւրտ լրագրողներ, քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականներ՝ տագնապը խաղաղօրէն լուծելու հաւանականութիւնը աւելիով անկարելի դարձնելով:
Քիւրտ գործիչներու դէմ արշաւը եւ քիւրտերու դէմ ընդհանրապէս սաստկացած բռնութիւնները պատճառ դարձած են, որ քիւրտ ապստամբները աշխուժացնեն Թուրքիոյ մէջ իրենց գործունէութիւնը՝ զինեալ բախումները անզսպելի դարձնելով:
Թերթը մէջբերած է մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան մէկ տեղեկագիրէն Թուրքիոյ մասին հետեւեալ մեկնաբանութիւնը. «Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու դատավարութիւնները ապացոյցն են այն բանին, որ այդ երկիրին մէջ քննդատական յօդուածը, քաղաքական մեկնաբանութիւնը եւ խաղաղ ցոյցերը կը ներկայացուին իբրեւ ահաբեկչութիւն»:
Քրտական աղբիւրներու համաձայն, վերջին երկու տարիներուն, Թուրքիոյ տարածքին մօտաւորապէս 4000 քիւրտ գործիչներ, լրագրողներ եւ քաղաքապետներ ձերբակալուած են՝ «ահաբեկչութեան աջակցելու» շինծու ամբաստանութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.