2012-09-21 12:20:59

Պենետիկտսոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը Ընդունեց ֆրանսայի Խումբ մը Եպիսկոպոսներ։


Ուրբաթ 21 սեպտեմբեր 2012։ Առաւօտեան ժամը 11ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը, Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցին մէջ ընդունեց Շուէտի եւ Իզլանտայի առաքելական Նուիրակ` գերապայծառ Հէնրիք Եոզէֆ Նովաչքի, ապա ընդունեց ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ որոնք ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Յետ միջօրէի ժամը 17.30 Պենետիկտոս ԺԶ ունկնդրութիւն շնորհեց Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ` գերապայծառ Կէրարտ Լուտուիկ Միւլլէրի։

Ֆրանսայի եպիսկոպոսներուն ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ 2008-ին ֆրանսայ կատարած իր այցելութենէն ասդին այս առաջին անգամն էր որ իրարու կը հանդիպին։Այցելութեանս ընթացքին - ըսաւ Քահանայապետը - ուզեցի ընգծել թէ ֆրանսան ունի քրիստոնեայ արմատներ եւ թէ սկիզբէն ի վեր ընդունած էր աւետարանի պատգամը։
Այս վաղէմի ժառանգութիւնը ամրակառոյց պատուանդան մըն է որուն վրայ կռնաք ապաւինիլ շարունակելու համար Աստուծոյ խօսքին հռչակման առաքելութիւնը նոր աւետարանութեան հոգիով որ յառաջիկայ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նիւթն է։ Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ հաւատոյ տարւոյն հռչակման որպէս համայն աշխարհի հաւատացեալներու խթան։ Հաւատոյ տարին հրաւէր մըն է իսակական զղջումի եւ մեր միակ Փրկիչ Տիրոջ մէջ նորոգումի - յարեց Նորին Սրբութիւնը - մէջբերելով Բարի Հովիւի առածը որ կը ճանչնայ իր ոչխարները, կը փնտռէ կորսուածը, ու կը սիրէ զանոնք մինչեւ իր կեանքը տալով անոնց համար։ Սրբազան Հայրը հուսկ խօսեցաւ եպիսկոպոսի առաքելութեան ու հոգատարութեան մասին իր վարդապետներուն ու անոր յանձնուած հօտին նկատմամբ մասնաւորապէս մատնանշելով նորնծաներու կազմաւորումին։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց նոր աւետարանցումի կարեւորութիւնը ու այս ուղղութեամբ թեմերու հովուական վերակազմակերպումը մատնանշելով աշխարհականներու գործօն մասնակցութեան եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը վերյիշեց Սրբուհի Ժան Տարքի 600րդ յոբելեանը ակնարկելով անոր սրբակեաց կենացաղին։ Ան ապա մատնանշեց ընտանիքի կարեւորութիւնը, անոր ապրած դժուարութիւնները ու զայն պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։ Ընտանիքը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը <<ընկերութեան կեանքի հիմքը կը կազմէ>>։

Հուսկ եզրափակելով իր խօսքը Պենետիկտոս ԺԶ քաջալերեց ֆրանսայի եպիսկոպոսները յարատեւելու իրենց առաքելութեան մէջ ծառայելով իրենց եղբայրնեուն Աստուծոյ սիրոյն մէջ արմատանալով։ Ու յայցելթ ետք Սուրբ Կոյս Մարիամի, Սրբուհի Ժան Տարքի եւ Լիզիէօյի Սրբուէի Թերեզայի բարեխօսութիւնը ըսաւ <<Աստուած ձեզ օրհնէ եւ օրհնէ ֆրանսան>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.