2012-09-20 13:12:36

Ֆրանսայի Դեսպանատուներու Ապահովական Միջոցառումները Կ՛ամրապնդուին. «Հեպտօ Շարլի» Ամսաթերթը Մոհամետ Մարգարէի Ծաղրանկարներ Կը Հրապարակէ։


Ֆրանսական «Հեպտօ Շարլի» երգիծական ամսաթերթը վաճառքի մրցանիշ հաստատեց, որովհետեւ իր նոր թիւին մէջ հրապարակած է Մոհամետ մարգարէի ծաղրանկարներ։ Ծաղրանկարները տեղադրուած են ամսագիրի կողքին եւ վերջին էջին վրայ եւ նուիրուած են իսլամական աշխարհի զայրոյթը յառաջացուցած ամերիկեան «Իսլամներու անմեղութիւնը» ժապաւէնին:
Ըստ ամսագիրի խմբագիր Սթեֆան Շարպոնիյէի, այդ ծաղրանկարները պիտի վիրաւորեն զգացումները անոնց, որոնք կ՛ուզեն վիրաւորուած զգալ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ «մտահոգ» է: Ուրբաթ օրը աշխարհի տարածքին շուրջ քսան երկիրներու մէջ ֆրանսական դեսպանատուները, հիւպատոսարանները, մշակութային կեդրոններն ու դպրոցները առ ի զգուշութիւն փակ պիտի մնան:
«Շարլի Հեպտօ» հաստատեց, որ իր կայքէջը յարձակումի ենթարկուած է: Խռովարարներու դէմ պայքարող ոստիկանութենէն ուժեր Փարիզի մէջ ամսագիրին գրասենեակին առջեւ տեղակայուեցան:
Իսկ Ֆրանսայի իսլամ ղեկավարները հանդարտութեան կոչ ուղղեցին՝ֆրանսացի մահմէտականներուն։ : Փարիզի մեծ Մզկիթի իմամ Տալիլ Պուպաքըր ըսաւ, որ ծաղրանկարներու հրապարակումը «ամօթալի, ատելի, անօգուտ եւ անմիտ գրգռութիւն է»: Նշենք, որ իսլամական կրօնը կ՛արգիլէ Մոհամետ մարգարէի դիմանկարներ ներկայացնելը:
Մինչ այդ, Ֆրանսայի վարչապետը արգիլեց շաբաթ օր «Իսլամներու անմեղութիւնը» ամերիկեան ժապաւէնին դէմ նախատեսուած նոր ցոյցը : Անցեալ շաբաթ արդարեւ Փարիզի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առջեւ առանց արտօնութեան կատարուած նմանօրինակ ցոյցի մը ընթացքին 152 ցուցարարներ ձերբակալուած էին եւ վեց ոստիկաններ վիրաւորուած:








All the contents on this site are copyrighted ©.