2012-09-20 11:28:52

Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Տարեկան Սիւնհոդոսի Բացման Հաղորդագրութիւն։


Զմմառ։ Նախագահութեամբ՝ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ՝ բոլոր սիւնհոդոսական հայրերուն, երեքշաբթի՝ 18 սեպտեմբերին ( 2012), տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու տարեկան սիւնհոդոսին բացումը, պատրիարքական աթոռին` Զմմառու Փոխման Կուսին վանքին մէջ: Նիստերը կը տեւեն մինչեւ 27 սեպտեմբեր:
Ժողովին յայտագիրը կ’ընդգրկէ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին յուզող հարցերը, ըլլայ հովուական թէ ընկերային ու դաստիարակչական մարզերուն մէջ` նկատի ունենալով յատկապէս ՜՜Միջին Արեւելքի տագնապալից իրադարձութիւնները, որոնք ճակատագրական անկիւնադարձի մը առջեւ կը դնեն շրջանի ժողովուրդները, ներառեալ` հայ համայնքին զաւակները՝՝:
Պիտի տրուի պատրիարքական յանձնախումբերու կատարած աշխատանքին ներկայացումը, որ կ՛ընդգրկէ կոչումները, հաղորդամիջոցները` մամուլ պատկերասփիւռ, համացանց եւ այլն- կանոնական վերատեսումները, քրիստոնէական վարդապետութեան դասագիրքերը, 20-րդ դարու հայ նահատակներու երանացման դատին հետապնդումը, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի աշխարհաբար թարգմանութեան վերջնական վերատեսումն ու տպագրութիւնը:
Պիտի ուսումնասիրուին «Նոր աւետարանացում»-ի վերաբերեալ նախապատրաստական աշխատանքները` մեր ժողովուրդին մէջ հաւատքի արծարծումին ի խնդիր, մասնաւորաբար մեր երիտասարդութեան մօտ` պատրաստուելով նաեւ դիմաւորելու «Հաւատքի տարի»-ն, որ պիտի հռչակուի ի մօտոյ սրբազան քահանայապետին կողմէ:
Սիւնհոդոսական հայրերը կարեւորութեամբ կ’անդրադառնան Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին Լիբանան կատարած պատմական այցելութեան տարողութեան եւ անդրադարձներուն` քրիստոնեայ ժողովուրդին ներկայ ու ապագայ գոյավիճակին նկատմամբ, նկատելով զայն նոր յոյսի աղբիւր եւ քաջալերանք` կառչած մնալու այս հողին, որ տիպար մը եղած է ու կը մնայ բազմակրօն ներդաշնակ համակեցութեան, ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի համար:
Հայրերը իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին սրբազան քահանայապետին` իր պատմական այցելութեան համար մեր պատրիարքական աթոռին` Զմմառու Տիրամօր վանքին եւ այդ առիթով բացումը կատարած ըլլալուն համար Յակոբ Մեղապարտին նուիրուած յուշարձանին` հայ առաջին տպագիր գիրքին հրատարակութեան 500-ամեակին առիթով:
Վերջապէս հայրերը, համադրաբար հայ թէ տեղական համայնքներուն ու կազմակերպութիւններուն, պիտի ուսումնասիրեն ատակ միջոցները իրենց բարոյական ու նիւթական կարելիութիւններով սատար հանդիսանալու սուրիահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք իրենց տուները լքելով Լիբանան ու շրջանի երկիրները ապաստանած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.