2012-09-20 13:34:43

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Պուէնոս Այրէսի Մխիթարեան Վարժարանի Եւ Աւստրալիոյ Համազգային Ճեմարանի Սաները։


Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Պուէնոս Այրէսի Մխիթարեան Վարժարանի Եւ Աւստրալիոյ Համազգային Ճեմարանի Սաները։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 19 Սեպտեմբերին Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Պուէնոս Այրէսի Մխիթարեան վարժարանի եւ Աւստրալիոյ Համազգային Արշակ եւ Սոֆի Գոլսդն ճեմարանի սաները։
Վեհափառը ուրախութեամբ ողջունեց զանոնք, նշելով՝ որ գեղեցիկ աւանդոյթ է ամէն տարի դառնալ Հայաստան եւ Մայր Աթոռ ուխտանացութիւն կազմակերպելը։
Ան իր խօսքին մէջ, կարեւորեց սփիւռքահայ երիտասարդներու Հայրենիք այցելութիւններու դերակատարութիւնը, քանի որ շնորհիւ այս այցելութիւններուն, ըսաւ Գարեգին Բ. ՜՜հայորդիները հաղորդ են դառնում հայրենի իրականութեանը, իրենց աչքերով տեսնում հոգեւոր-ազգային այն արժէքները, որոնց մասին սովորել են դպրոցում՝՝։









All the contents on this site are copyrighted ©.