2012-09-20 13:33:11

Աղօթքի Միջազգային Օր Խաղաղութեան Համար։


Աղօթել եկեղեցիներու մէջ ու պատերազմի դաշտերուն վրայ։
ԱՄՆի 20 կրօնական դաւանանքներու ներկայացուցիչներ 21 սեպտեմբերին միատեղ կը հաւաքուին Մերիլանտայի նահանգի Անդիէթամ դաշտամարզը, ուր 1862-ին՝ ամերիկեան քաղաքական պատերազմին ընթացքին, 23 հազար զինուորներ զոհ գացին ։ Աղօթքի միջազգային օրուան համար նախատեսուած են աղօթքներ ու երգեր։
Յայտնենք որ նման նախաձեռնութիւն մը աշխարհի զանազան վայրերու մէջ կը կատարուի, կը հաղորդագրէ եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը, նախաձեռնողը՝ աղօթքի միջազգային օրուան։
Մեքսիքոյի մէջ ''խաղաղութիւն անհատի արժանաւորութեան ու արդարութեան ի խնդիր՝՝ շարժումը միատեղ կը հաւաքէ քաղաքացիական ընկերութեան կազմակերպութիւնները, աղօթելու ու գործելու խաղաղութեան համար։
Աւստրալիայի Ատելայիտ քաղաքի ժողովրդապետութիւններու մէջ լրագրողներ ու ազգային ժողովի անդամներ ''խաղաղութեան տօն'' կը կազմակերպեն։
Իսկ Փիլիպպեան կղզեխումբի Տավաօ քաղաքին մէջ, խաղաղութեան ի խնդիր տօնավաճառ մը կը սարքեն։
Հարաւային Հնդկաստանի եկեղեցին խաղաղութեան աղօթք կը կազմակերպէ ի զօրակցութիւն Պաղեստինի ժողովուրդին։
Շիլիի Սանդիակօ մայրաքաղաքին մէջ ''քաղաքին մէջ խաղաղութիւն'' ֆորումը կը կազմակերպէ միջկրօնական արարողութիւն մը,Ս. ֆրանչիսքոս Ասիզացիի նուիրուած՝ եկեղեցւող մէջ։
Նշենք որ աղօթքի միջազգային օրը՝ սեպտեմբեր 21-ը, կը զուգադիպի ՄԱԿի խաղաղութեան միջազգային օրուան հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.