2012-09-20 13:19:04

՝՝Թուրքերը Կը Հասկնան, Թէ Ցեղասպանութեան Ուրացումը Կը Սպառէ Երկիրը՝՝ . Արտայայտութիւնը՝Ֆեթհիէ Չեթին-ի ։


«Հայ-թրքական սահմանը Հայաստանի կողմէ բաց է, սակայն Թուրքիա կը շարունակէ փակ պահել զայն: Սահմանի բացման հարցով թրքական կառավարութիւնը գործնապաշտ մօտեցում ունի, իսկ ատրպէյճանական իշխանութիւնները բացասական ազդեցութիւն ունին», ըսած է հայկական արմատներ ունեցող թուրք իրաւաբան, գրող եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Տիկին Ֆեթհիէ Չեթին:
«Այնուամենայնիւ, ես լաւատես եմ սահմաններու բացման հաւանականութեամբ: Ես կ՛երազեմ, որ օր մը մարդիկ պիտի կտրեն պատնէշները եւ երկու ժողովուրդները պիտի կարենան բանալ սահմանը» (աւելցուցած է ան):
Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ քօղարկել Հայոց Ցեղասպանութեան հանգամանքները եւ իրականացնել մերժողական ու ժխտողական քաղաքականութիւն: «Պետութեան վարած քաղաքականութեան պատճառով՝ թուրքերը դեռ երկար ժամանակ պիտի շարունակեն հերքել անհերքելին: Թէեւ կը կարծեմ, որ անոնք արդէն հասկցած են, որ այդ քաղաքականութիւնը արդիւնք չի տար, եւ արդէն ստիպուած են որոշ քայլերու նախաձեռնելու: Զանոնք կը խանգարէ մեծ պետական ուժ մը, որ տակաւին կը յամառի եւ թոյլ չի տար անոնց, որ ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը», ըսած է Չեթին:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչպէ՞ս կրնայ հաշտեցնել իր երկու՝ հայ եւ թուրք ինքնութիւնները՝ գրողը ըսած է. «Ես ունիմ ոչ թէ երկու, այլ աւելի շատ ինքնութիւններ. ես աշխարհի քաղաքացի եմ: Եւ երբ ցեղային յարձակում կը կատարուի աշխարհի որեւէ կէտի մէջ, ատիկա կը վնասէ իմ ինքնութեանը»:
ֆեթհիէ Չեթին-ին համաշխարհային ճանաչում բերաւ իր «Մեծ Մայրս» գիրքը, ուր ան կը պատմէ իր հայ մեծ մօր եւ անոր կրած տառապանքներուն մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.