2012-09-19 14:45:05

Նոր Կայքի Մը Բացման Ներկայացումը Հռոմի Համամիութենական Ռուսիա Կեդրոնին Մէջ։


Հինգշաբթի 20 սեպտեմբերին Հռոմի համամիութենական <<Ռուսիա>> կեդրոնին մէջ ներկայացումը կը կատարուի ԱԼԵԹԵԱ կայքին։
Այս միջազգային ու բազմալեզու կաթողիկէ կայքէջը ունի որպէս կէտնպատակ բաժնել ու երկխօսիլ հաւատքի, կեանքի ու ընկերութեան հարցերու մասին, ճշմարտութիւնը փնտռտողներուն համար։
Յայտնենք որ ներկայիս սողն կայքին յառած են հազար անդամներ, որոնք մաս կը կազմեն կաթողիկէ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու, հաստատութիւններու ու եկեղեցական շարժումներու։
ԱԼԵԹԵԱ, որ հին յունարէնով կը նշանակէ ''Ճշմարտութիւն'', նախաձեռնութիւնն է` Աւետարանութեան հիմնարկի մը։ Նշենք որ տեղեկութիւնները պիտի հաղորդուին մամուլի միջոցաւ, իտալերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, փորթուկալերէն եւ սպաներէն լեզուներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.