2012-09-19 14:24:46

«Անապատի Ագռաւներ» Հատորի Ներկայացումը՝ Կլենտէյլի Մէջ։


Կլենտէյլի հանրային գրադարանի բարեկամներուն, ինչպէս նաեւ գրադարանի «Արուեստ եւ մշակոյթ» բաժանմունքին հովանաւորութեամբ, 11 Հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ «Անապատի Ագռաւներ. Լեւոն Եօթնեղբարեանի յուշերը» (Crows of the Desert: Memoirs of Levon Yotnakhparian) հատորի ներկայացումը:
Հատորին խմբագիրն է լուսանկարիչ Լեւոն Բարեան, որ պիտի ներկայացնէ վերջերս հրատարակուած այս հատորը, որ իր մեծ հօր յուշերն են: Հատորը անգլերէնի թարգմանուած է Լեւոն Բարեանի մօր կողմէ, իսկ խմբագրական աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են ընտանեկան այլ պարագաներ: Բարեան ներկայիս կ՛աշխատի շարք մը ծրագիրներու վրայ, որոնցմէ մէկը կ՛առնչուի «Ցեղասպանութեան ծրագիր»ին այն նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է հատոր մը հրատարակել վերապրողներու լուսանկարներու եւ յուշերու մէկտեղումով:
Լեւոն Եօթնեղբարեան 1909ին օսմանեան բանակին զինուոր դարձած՝ ինքզինք կը գտնէ իր ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան դէմ յանդիման: Հատորը նաեւ հազարաւոր անօգնական եւ որբացած հայերու օգնութեան հասնելու պայքարի պատմութիւնն է:
Հարստացած պատկերներով, քարտէսներով եւ անգլիական ու արաբական բարձր հրամանատարութեանց փաստաթուղթերով, սոյն հատորը կը կարդացուի արկածախնդրութեանց մասին գրուած վէպի մը նման:
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ անգլերէնով:








All the contents on this site are copyrighted ©.