2012-09-18 12:40:51

Ֆրանսահայ Համայնքը Բողոքի Ցոյցով Կը Դիմաւորէ Ալիեւը։


Ֆրանսահայութիւնը այսօր բողոքի հսկայ ցոյց մը կը կատարէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ:
Ալիեւին «Բարի Գալուստ» մաղթելու բողոքի ցոյցը տեղի կ՝ ունենայ երեկոյեան Փարիզի ազրպէյճանական դեսպանատան դիմաց:
Պէտք է աւելցնել, որ նախանցեալ գիշեր Ազրպէյճանի դեսպանատան պատերուն եւ անոր մուտքին գետնին վրայ ներկերով եւ ֆրանսերէնով գրուեցան «Ալիեւ Ոճրագործ» բառերը: Նշենք, որ Ալիեւ պաշտօնական այցելութեամբ Ֆրանսա կը գտնուի եւ այսօր ներկայ պիտի գտնուի «Լուվր»-ի թանգարանին մէջ իսլամական արուեստին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումին:
Իսկ Յարութ Սասունեան «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիրը, այս նիւթի կապակցութեամբ գրած իր յօդուածին մէջ կ՝ըսէ որ ՝՝ֆրանսահայերը Ազրպէյճանի ղեկավարը պէտք է դիմաւորեն պաստառներով, պատկերելով զայն իբրեւ «Կացինաւորներու Պարագլուխ» («Bash baltaji»)` արիւնոտ կացինը ձեռքին:
Հետաքրքրական է այն, որ երեք լեզուներով ալ` ազրպէյճաներէն, հունգարերէն եւ թրքերէն, «balta» կը նշանակէ կացին: Բողոքի ընթացքին ֆրանսահայերը պէտք չէ իրենց ուժերը վատնեն անիմաստ կարգախօսներ` «Ամօ՛թ Պաքուին» կամ «Ամօ՛թ Հունգարիոյ» գոռալով:
Անոր փոխարէն` անոնք պէտք է հանդէս գան վճռական ուղերձով մը, թէ Արցախը պէտք է ճանչցուի որպէս անկախ պետութիւն, որովհետեւ արցախահայութիւնը չի կրնար գոյատեւել կացինահարող մարդասպաններ փառաբանող բռնատիրական վարչակարգի մը լուծին տակ:








All the contents on this site are copyrighted ©.