2012-09-18 12:45:24

Զուիցերիոյ Մէջ Թրքական Հակահայակական "Սադրանք" .


«Նուվել տ՛Արմենի» կը գրէ, որ Թուրքիա այսօր Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի իր դեսպանատան մէջ կազմակերպած է խորհրդաժողով մը, որուն հրաւիրած է ոչ միայն Զուիցերիոյ խորհրդարանի անդամներ, այլ նաեւ` ամերիկացի ժխտողական պատմաբան Ճասթին Մըքարթնին: Ըստ զուիցերիական «Տէ.Էր.Էս.» ձայնասփիւռի կայանին, հանդիպումին պիտի մասնակցին նաեւ "Զուիցերիա-Թուրքիա" խորհրդարանական խմբակի ղեկավարները: Այս խմբակի ղեկավար Ալեք ֆոն Կրաֆենրիտ դժգոհութիւն յայտնած է Մըքարթնիիի հրաւիրուելուն համար: Հանդիպումին պիտի մասնակցի նաեւ խմբակի համանախագահ Անտրէաս Կրոս:
«Երբ ոեւէ մէկը ձեզ կը հրաւիրէ, դուք չէք կրնար ճաշացուցակը որոշել: Բայց եւ այնպէս, տանտէրը պէտք է գիտնայ, որ մենք ամէն ինչ չենք ուտեր»( ըսած է Կրոս) մատնանշելով ժխտողականութեան քարոզչութիւնը: «Մենք մեզ ապահովագրած ենք` ըսելով, որ մենք ոչ մէկ սադրանք կը փափաքինք: Մեզի այդ հարցով հաւաստիացում տուած են», յայտնած է ֆոն Կրաֆենրիտ:
Այդ դիրքորոշումը քննադատութեան ենթարկուած է "Զուիցերիա-Հայաստան" բարեկամութեան խմբակի նախագահ Ուելի Լոյենպերկերի կողմէ` ըսելով. «Կը կարծեմ, որ "Զուիցերիա-Թուրքիա" խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարները կը գործեն բոլորովին անպատասխանատու կերպով»: Ան մտավախութիւն յայտնած է, որ ֆոն Կրաֆենրիտի եւ Անտրէաս Կրոսի ներկայութիւնը թրքական կողմէն պիտի շահարկուի:
Չմռնանք որ Զուիցերիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականօրէն պատժելի է:








All the contents on this site are copyrighted ©.