2012-09-18 13:26:16

Եկեղեցիներու Եւրոպական Խորհուրդի Կեդրոնական Կոմիտէի Զօրակցութիւնը Հայ Ժողովուրդին


Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ, uեպտեմբեր 13-ին եւ 14-ին գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Եւրոպական Խորհուրդի Կեդրոնական կոմիտէի տարեկան ժողովը, որուն ընթացքին ի շարս այլ հարցերու քննարկուեցաւ նաեւ Հունգարիոյ կողմէ Ադրբեջանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման եւ Ադրբեջանի մէջ ազատ արձակման հարցը։
Եկեղեցիներու Եւրոպական Խորհուրդի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները ցաւ յայտնեցին Ադրբեջանի նախագահի կողմէ յանցագործին շնորհուած ներումը, իրենց համերաշխութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնելով հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, աղօթելով՝ որ արդարութիւնը հաստատուի եւ ազգերու միջեւ տիրեն խաղաղութիւնն ու փոխըմբռնումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.