2012-09-18 13:41:17

Դամասկոսի Պատրիարքները, յետ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան, յայտնած են իրենց գոհունակութիւնը եւ յոյսը որ ՜՜ մօտ ապագայի մէջ Սուրիոյ մէջ վերահաստատուի խաղաղութիւնն ու հաշտութիւնը՝՝ ։


Արդարեւ Լիբանան կը գտնուէին նաեւ Դամասկոսի հոգեւորականները, անոնք իրենց համախոհութիւնը յայտնեցին Սրբազան Հօր կեցուածքին, Սուրիոյ մէջ ի զօրու ընդհարումի խաղաղ լուծումին ի խնդիր, երկխօսութեան ու հաշտութեան միջոցաւ։
Յայտնենք որ Սրբազան Հօր Լիբանան այցելութեան Դամասկոսէն մասնակցեցան Յոյն եւ Ասորի կաթողիկէ եւ օրթոտոքս Պատրիարքները։ Զաքքա Ա. Աուաս Ասորի Օրթոտքս Պատրիարքը հակառակ իր ծանր հիւանդութեան ուզեց անպայման ներկայ ըլլալ։

Պատրիարքները Սրբազան Քահանայապետին հետ միասին համաձայն են որ քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ անփոխարինելի է։ Իրենց Միացեալ յայտարաութեան մէջ Պատրիարքները կը գրեն որ Քահանայապետը որպէս բարոյական գերագոյն հեղինակութիւն մեծ ուղղութիւններ մատնանշեց Սուրիոյ տառապալից կացութեան մասին, առանց սակայն մտնելու քաղաքական դաշտէն ներս. յիշեցնելով՝միջազգային հասարակութեան պատասխանատուութիւնը փրկելու կեանքերը բնաչկութեանց եւ մասնաւորապէս փոքրամասնութիւններու կեանքերը։ Պատրիարքները մասնաւորապէս գնահատեցին այն անցքը ուր Սրբազան Հայրը կը յիշեցնէ որ իւրաքաքնչիւր քրիստոնեայ պէտք է դառնայ միջոց խաղաղութեան ու հաշտութեան Միջին Արեւելքին մէջ, ըսելով. ''ոչ ծայրայեղութեան, բռնութեան, զէնքին՛ Այո խաղաղութեան, երկխօսութեան ու հաշտութեան՝՝։ Մենք վստահ ենք (կ'եզրափակեն պատրիարքները) որ այս ճամբորդութիւնը պտուղ պիտի տայ եւ հզօր խթան մը պիտի հանդիսանայ նոր ուղի մը գտնելու Սուրիոյ խաղաղութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.