2012-09-18 13:43:17

Գերապայծառ Թոմազի-ի խօսքը Սուրիոյ մասին ՝՝ Թող Ազգերը Մէկկողմ Դնեն Անհատապաշտ Շահերը եւ Աշխատին Խաղաղութեան Համար՝՝։


ՄԱԿի Ժընեւի Կեդրոնը Վատիկանի մնայուն Դէտը Գերապայծառ Թոմազի խօսք առնելով երկուշաբթի սեպտեմբեր 17-ին, Մարդու Իրաւունքներու 21-րդ նիստին ըսաւ. ՝՝Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բռնութիւնները կ'ապացուցանեն պատերազմի ոչ մի օգտակարութիւնը , որպէս միջոց լուծելու անհամաձայնութիւնները։ Զինեալ ընդհարումի արդիւնքը շուրջ 30 հազար զոհեն են , եւ աւելի քան մէկ միլիոն արտահաններ՝՝ ։ Վատիկանի դիւանագէտը խօսեցաւ մարդու իրաւունքերու յարգանքի միակ ճանապարհի մասին,այն է՝ հակառակորդները կլոր սեղանի շուրջ նստեցնել։ Ան մատնանշեց Ս. Աթոռին յանձնառումը ու Սրբազան Քահանայապետին բացայայտ ու անվերապահ խօսքերը արտասանուած Լիբանանին մէջ։
Գերապայծառ Թոմազի խրախուեց Միջազգային Հասարակութիւնը մէկկողմ դնելու անհատապաշտ շահերը, զօրակցելով ընդհարումի խաղաղ լուծումին։ Ապա խօսքը ուղղելով լրագրողներուն խնդրեց որ կատարեալ տեղեկութիւններ տան, լուսաբանելու հանրային կարծիքը։ Հաղորդակցութեան միջոցները կարող են օգնել խաղաղութեան մշակոյթի ստեղծումին։ Հուսկ յիշելով Արաբական Գարնան կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքին մէջ, խնդրեց որ չխեղդել ժողովուրդներու ազատութեան ձգտումները որովհետեւ Սուրիոյ ու Միջին Արեւելքի ժողովուրդը արժանի է օժանդակութեան ու զօրակցութեան։ Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանութիւնը (եզրափակեց Գերապայծառ Թոմազի) ազդու ռազմավարութիւն մըն է ու անհրաժեշտ՝ խաղաղութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.