2012-09-16 15:16:16

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Առաքելական Ճամբորդութիւնը Լիբանան։
Սուրբ Պատարագ։


Սրբազան Քահանայապետին երրորդ եւ վերջին օրը հովուական այցելութեան։
Նորին Սրբութիւնը այսօր կիրակի 16 Սեպտեմբեր (2012) առաւօտեան ժամը 10-ին բացօթեայ հանդիսաւոր պատարագ մատոյց Պէյրութի Waterfront անուան հրապարակը, որ կարող է ընդունիլ կէս միլիոնէ աւելի հաւատացեալներ։
Նշենք թէ՝ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը պատարագ մատուցած էր 11 մայիս 1997-ին։
Սրբազան Քահանայապետին հետ համապատարագեցին Միջին Արեւելքի շուրջ 300 եպիսկոպոսներ։ Ս. Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը եւ անոր կողակիցը, եկեղեցական ու քաղաքական ներկայացուցիչներ եւ անթիւ անհամար հաւատացեալներ։
Պատարագին սկիզբը մարոնիներու պատրիարքը` գերերջանիկ Պշարա Ռային` նախագահը Միջին արեւելքի պատրիարքներու խորհուրդի ողջոյնի խօսք մը արտասանեց սրբազան Հօր։ իր ողջոյնի ուղերձին մէջ պատրիարքը յիշեցուց որ քրիստոնեաներուն առաքելութիւնն է ըլլալ ՜՜խաղաղութեան պատգամաբերներ՝՝ ։ Ձեր ներկայութիւնը մեր մէջ (ըսաւ Ռայի պատրիարքը) նախախնամական է, քանի որ կ'ապրինք ալեկոծ շրջանին մէջ։ Մեր աղօթքն է որ ձեր ներկայութիւնը սատարէ համերաշխութեան ու խաղաղութեան հաստատումին։
Պատարիարքին ուղերձէն անմիջապէս ետք, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատարագի ոսկիէ սկիհ մը նուիրեց գերերջանիկ Պշարա Ռայիին։
Ս. Գրային ընթերցումներէն ետք Սրբազան Քահանայապետը հետեւեալ քարոզը արտասանեց. ՜՜Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր. Օրհնեալ է Աստուած եւ Հայրը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, որ մեզ օրհնեց ամէն տեսակ հոգեւոր բարիքներով ի Քրիստոս երկինքի մէջ։ Օրհնեալ ըլլայ այս օրը, որով ուրախութիւնն ունիմ ձեր մէջ գտնուելու, Լիբանանի մէջ, շրջանի եպիսկոպոսներուն յանձնելու Միջին Արեւելքի յետ սիւնոդոսի յորդորագիրը։
Ապա Սրբազան Հայրը իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց շրջանի պատրիարքներուն եպիսկոպոսներուն, հոգեւորականներուն, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներէն եկած կարտինալներուն ու հոգեւորականներուն։
Ձեզ ամէնքդ գորովալիր կ'ողջունեմ սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի, որոնք կը մասնակցին Ս. Պետրոսի յաջորդին մատուցած պատարագին։
Նոյնպէս իմ յարգալիր ողջոյնս կ'ուղղեմ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին, քաղաքական իշխանութիւններուն եւ այլ աւանդական կրօններու ներկայացուցիչներուն, որոնք ուզեցին մեր մէջ գտնուիլ այս առաւօտ։
Այսօրուան Աւետարանը կը խօսի Յիսուսի ճշմարիտ ինքնութեան մասին. Յիսուս իր առաքեալներուն հարցուց ''իսկ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ես ըլլամ''։ Առաքեալներու դաւանաքէն ետք, Յիսուս յայտնապէս կը խօսի անոնց, գալիք դէպքերուն մասին։ Իր Չարչարանքներուն եւ Մահուան կը միացնէ լուսաւոր իրականութիւնը Յարութեան։
Յայտնելով իր աշակերտներուն որ ինք ՜՜ պէտք է չարչարուի, մահուան դատապարտուի եւ ապա յարութիւն առնէ՝՝ Յիսուս կը հասկցնէ թէ Ինքն է ճշմարտութիւնը։ Տառապող Մեսիան է, ծառայող Մեսիան եւ ոչ թէ քաղաքական ամենակարող ազատարար մը։
Ծառայ մը որ կը հպատակի Հօր Աստուծոյ կամքին։
Յիսուս կը հասկցնէ թէ ով որ կ'ուզէ իր աշակերտը ըլլալ, պէտք է ընդունի ծառայ ըլլալ Իրեն նման ։ Յիսուսի հետեւիլ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, կը նշանակէ իր խաչը առնել ու Յիսուսի ետեւէն քալել։ Այս ճանապարհը հեշտ չէ, երկրաւոր փառքի ճանապարհ չէ, այլ՝ կը պահանջէ ինքնաուրացում ու երկնաւոր կեանքի կորուստ, Յիսուսի ու Աւետարանին համար, երկնաւոր կեանքը փրկելու համար։ Հաւատքի տարին հռչակելով, յառաջիկայ 11 հոկտեմբերէն սկսեալ, ուզեցի որ ամէն հաւատացեալ յանձնառումով ապրի քրիստոնէական հաւատքը։
Ձեզ կը քաջալերեմ որ հաւատքի տարւոյն ընթացքին խորացնէք ձեր հաւատքը, աւելի գիտակցաբար ապրելու ու յարելու Քրիստոսին ու անոր Աւետարանին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Քրիստոս կ'ուզէ մեզ առաջնորդել ճշմարիտ յոյսի ճանապարհին վրայ։ Յակոբ առաքեալը իր ընդհանրական թուղթին մէջ կը գրէ. Ծառայելը Յիսուսի հետեւելու դրական եղանակն է ''մեր գործերը ցոյց տան մեր հաւատքը''։
Ծառայելը՝ Եկեղեցւոյ համար հրամայական պահանջ մըն է, եւ քրիստոնեաներէն կը խնդրուի Յիսուսի նման ըլլալ ՜՜ճշմարիտ ծառաներ՝՝։ Հետեւաբար Եկեղեցւոյ ու քրիստոնեային կոչումը ծառայել է, Տիրոջ նման, ձրիաբար ամէնուն ծառայել, առանց խտրականութեան։
Այսպէս կանչուած ենք ծառայել արդարութեան ու խաղաղութեան, աշխարհի մը մէջ ուր բռնութիւնը մահ ու աւեր կը սփռէ, մեր շտապ պարտականութիւնն է յանձնառումով աշխատիլ եղբայրական ընկերութեան մը ի խնդիր, կերտել հաղորդութիւնը։
Եղբայրներ ու քոյրեր, աղօթքս կը բարձրացնեմ Տիրոջ, որպէսզի Միջին Արեւելքին ուղարկէ ծառաներ որոնք կ՝աշխատին խաղաղութեան ու հաշտութեան համար, որպէսզի ամէնքը ապրին խաղաղութեամբ ու արժանաւորութեամբ։
Քրիստոնեային պարտականութիւնն է հաշտութեան վկայութիւն տալ եւ համագործակցիլ բարի կամք ունեցող մարդոց հետ։
Կը հրաւիրեմ ամէնքդ գործելու վասն խաղաղութեան, իւրաքանչիւրը իր կարողութեան համաձայն։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ուղղելով մարմնով ու հոգւով տառապեալներուն կ'ըսէ. ՜՜ ձեր տառապանքը ի զուր չէ, Քրիստոս չարչարուողներու մօտ է, աղօթքս է որ ձեր կեանքի ճանապարհի վրայ գտնէք եղբայրներ ու քոյրեր որոնք դրականօրէն զգալի դարձնեն Քրիստոսի սիրալիր ներկայութիւնը, Ան ձեզ առանձին չի թողուր, եղէք յոյսով լի՝՝։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր քարոզը եզրափակեց ըսելով. ՜՜ Թող Տէրը օրհնէ Լիբանանը, օրհնէ Միջին Արեւելքի բոլոր ժողովուրդները եւ անոնց պարգեւէ իր խաղաղութիւնը։ Ամէն՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.