2012-09-16 10:00:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի առաքելական այցը Լիբանան։ առաքելական ղորդորագիրի յանձնում։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 16 սեպտեմբեր 2012, առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետը մատոյց եզրափակիչ բացօթեայ Սուրբ Պատարագը Պէյրութի կեդրոնական  ''waterfront'' անուան  հրապարակի տարածքին։

Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորեց Պէյրութի քաղաքապետը անոր յանձնելով քաղաքի բանալիները։

Սուրբ արարողութեան ներկայ գտնուեցան համայն Միջին Արեւելքէն ժամանած՝ 350 հազարէ աւելի հաւատացեալներ, երկրի հանրապետութեան նախագահը, ու այլ քաղաքական ներկայացուցիչներ։

Նորին Սրբութեան հետ համապատարագեցին 300 եպիսկոպոսներ։

Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեցին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու 250 անդամներէ կազմուած միացեալ երգչախումբ մը,  որոնց շարքին` հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կռունկ երգչախումբը։

Պատարագին սկիզբը, յանուն Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու պատրիարքներուն, խօսք առաւ Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքը, որմէ ետք սկիզբ առաւ սուրբ արարողութիւնը։

Պատարագի ընթացքին, հայերէնով աղօթք մը եւս բարձրացաւ առ Աստուած, Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար.  ''Որպէսզի Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, ապաշխարութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան համար թափուած ճիգերը գտնեն ուրախ ելք մը, եւ անոնց դերակատարները չյուսահատին, որպէսզի անոնք քու մէջդ ապաստան եւ խարիսխ գտնեն ո՜վ խաղաղութեան թագաւոր. Տիրոջ աղաչենք''։

Սուրբ Զոհի աւարտին խօսք առաւ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար՝ գերապայծառ Նիքոլա Էթէրովիչ, որ շնորհակալական խօսք յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին, ուր հրաւիրեց որ Ան` Միջին Արեւելքի պատրիարքներուն,  եպիսկոպոսներուն, Թուրքիոյ եւ Իրանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին, յանձնէ Յետ Սիւնհոդոսական Առաքելական Յորդորագիրը։

Այս յորդորագիրի յանձնումով՝ սկիզբ կ՝առնէ  անոր ուսումնասիրութեան ու  իւրացումի գործը, համայն  Եկեղեցւոյ դերակատարներու կողմէ, Հոգեւոր Հովիւներ, Նուիրեալ անձինք ու աշխարհականներ,  որպէսզի ամէն մէկը գտնէ նոր ուրախութիւն մը, յառաջ տանելու համար իր առաքելութիւնը, եւ ուժ ու քաջալերանք ստանալով,  ի գործ դնէ յորդորագիրի ''Հաղորդութեան եւ Վկայութեան'' պատգամը, մարդկային, վարդապետական, եկեղեցական, հոգեւոր եւ հովուական գետնի վրայ։

Այս յորդորագիրը, Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ այս առթիւ ապա  Պենետիկտոս ԺԶ,   ըլլայ ուղեցոյց մը յառաջանալու Քրիստոսի քայլերով։ Թող հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ հաղորդակցութիւնը, զօրանայ ձեր երկիրներուն մէջ եւ ամէն մէկ հասարակութեան մէջ, հաւատալի դարձնելու համար ձեր վկայութիւնը հանդէպ Սուրբ, Միակ եւ Երրեակ Աստուծոյ։

Միջին Արեւելքի սիրելի եկեղեցի,  քալէ քու հայրերուդ հաւատքի ճանապարհէն, անոնք որ իրենց հաւատարմութեամբ բացին Աստուծոյ յայտնութեան պատասխանը մարդկութեան։ Եղբայրութեան հաղորդակցութիւնը թող նեցուկ ըլլայ ձեր առօրեայ կեանքին մէջ եւ ըլլայ ''Յիսուսի Եղբայրութեան Տիեզերական Նշան'' - ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը եզրափակեց խրախուսելով ներկաները շարունակելու Յիսուսէն ընդունած ''Աւետարանումի'' առաքելութիւնը. ''Այս տարածաշրջանը որ ականատես եղաւ Յիսուսի գործերուն, ու ընդունեց անոր խօսքերը, թող 2000 տարիներ ետք, շարունակէ հռչակել՝ ''Աւետարանը'' այսօր եւ մինչեւ վերջ''։

Այս խօսքերէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն յանձնեց յետ-սիւնհոդոսական յորդորագիրը ու ապա նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.