2012-09-16 16:09:09

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կիրակի 16 սեպտեմբերի առաւօտեան Պէյրութի City Center Waterfront բացօդեայ տարածքին վրայ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Աղօթքէն առաջ, սրբազան հայրը խօսք մը արտասանեց, որուն մէջ ըսաւ. <<Թող Աստուած Լիբանանի, Սուրիոյ ու համայն Միջին Արեւելքին պարգեւէ սրտերու խաղաղութեան շնորհքը ու զէնքերու եւ բռնութիւններու դադրեցումը>>։
Դուք – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը – կը ճանչնաք բռնութիւննրու եւ բախումներու ողբերգրութիւնը, որ ցաւեր կը յարուցէ>>։ Դժբախտաբար զէնքերու շառաչիւնը տակաւին լսելի է, նաեւ այրիներու եւ որբերու ձայները – յարեց Սրբազան Հայրը - ու ապա խօսքը ուղղեց միջազգային հանրութեան, ու յատկապէս արաբական աշխարհին ըսելով. <<Որպէս եղբայրներ` ներկայացուցէ’ք գործնական լուծումներ, որ յարգեն ամէն մարդու արժանապատութիւնը, անոր իրաւունքներն ու անոր կրօնը>>։
Ով որ կ՜ուզէ խաղաղութիւն կառուցել - շարունակեց Ան - պէտք է դադրի մերձաւորին մէջ չարը տեսնելէ։ Դիւրին չէ ուրիշին մէջ տեսնել այլ էակ մը, որ պէտք ենք յարգել ու սիրել. սակայն եթէ կ՜ուզենք կերտել խաղաղութիւնը եւ կը ձգտինք եղբայրութեան պէտք է այս ճանպարհով ընթանանք>>։
Հրեշտակ Տեառն աղօթքի աւարտին Սրբազան Հայրը վերադարձաւ Հարիսսայի Պապական Նուիրապետութեան նստավայր։








All the contents on this site are copyrighted ©.