2012-09-16 15:18:57

Հալէպի Եպիսկոպոսներու Կոչը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։


Սուրիացի ժողովուրդը կ'ապրի թշուառութեան եւ վհատութեան մէջ:
Հալէպի կաթողիկէ եպիսկոպոսները` յոյն-մելքիթ, ասորի, հայ, մարոնի, գաղտիացի եւ լատին, չկարողացան Լիբանան երթալ ու անձամբ մասնակցիլ Սրբազան Քահանայապետին Լիբանան այցելութեան ու արարողութեանց, որովհետեւ անոնք կը գտնուին ահաբեկիչներու ու Սուրիոյ բանակի բախումներու միջեւ, կոչ մը ուղղեցին Սրբազան Հօր խնդրելով՝ անոր միջամտութիւնը միջազգային հասարակութեան մօտ, շտապ լուծում մը գտնելու, վերջ դնելու ընդհարումին, ու խաղաղութեան հաստատումին։
Սուրիոյ զինեալ ընդհարումը երկրին մէջ կը սերմանէ ՜՜մահ, թշուառութիւն ու յուսալքում՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.