2012-09-15 15:39:47

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Մամլոյ Ասուլիսը Լրագրողներուն հետ, Պապական Օդանաւին Մէջ։


24րդ Միջազգային Առաքելական Ճամբորդութեան սկիզբը,ինչպէս միշտ, տեղի ունեցաւ Քահանայապետի մամլոյ ասուլիսը նոյն օդանաւի մէջ գտնուող լրագրողներուն հետ ։
՝՝Ոչ ոք ինծի թելադրեց որ հրաժարիմ այս ճամբորդութենէն (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) եւ ես երբէք նկատի չարի նման կարելիութիւն մը ,անոր համար որ երբ կացութիւնը աւելի կը բարդանայ առաւել անհրաժեշտ կը դառնայ ցոյց տալ՝ եղբայրութեան,քաջալերանքի ու զօրակցութեան նշան մը՝՝։
Այպէս արտայայտուեցաւ Սրբազան Քահանայապետը պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն ֆրանսերէն ու Իտալերէն լեզուներով։ Իմ այս ճամբորդութեան նպատակն է (աւելցուց Նորին Սրբութիւնը) Երկրի մը, որ արդէն պատգամ կուտայ միջ-կրօնական հանդիպումով, ուստի ճամբորդութեան նպատակն է ՝՝հրաւիրել երկխօսութեան, խաղաղութեան՝ բռնութեան դէմ եւ միասին յառաջանալ գտնելու համար հարցերու լուծումը՝՝ ։
Ապա պատասխանելով ՝՝Իսլամ կրօնքի հետ երկխօսութեան հրամայականին՝՝ հարցու մին,Սրբազան Հայրը ընդգծեց որ ՝՝ ծայրայեղութիւնը միշտ կրօնքի մը՝ խեղաթիւրումն է՝՝ որ ընդհակառակը կրօնքը կը հրաւիրէ տարածել Աստուծոյ խաղաղութիւնը՝՝ ։ Պենետիկտոս ԺԶ.րդ կոչ ըրաւ հանդրժողութեան , քանի առանց անոր չկայ ազատութիւն (ըսաւ ան) ։
Իսկ Սուրիոյ կացութեան մասին խօսելով Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց որ ՝՝հարկ է զարկ տալ այն ամէն ինչի ՝ բարոյական եւ նիւթական,որպէսզի վերջ գտնէ պատերազմը ու բռնութիւնը։ Ապա Պենետիկտոս ԺԶ.րդ կոչ ուղղեց որ ՝՝զէնք ներածելու փոխարէն (որ ծանր մեղք մըն է) հարկ է որ ներածենք գաղափարներ,խաղաղութիւն, հանճարեղութիւն,ընդունելով ուրիշները իրենց տարբերութեամբ,տեսանելի դարձնելով կրօնքներու փոխադարձ յարգանքը, յարգանքը մարդու նկատմամբ, մարդը որպէս արարած Աստուծոյ, եւ սէր՝մերձաւորի հանդէպ որպէս կրօնքներու հիմնական տարրը՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.