2012-09-14 14:50:59

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական Ճամբորդութիւնը Լիբանան՝ 14-15 եւ 16 Սեպտեմբեր։


Երեք Օրեր Լի Հանդիպումներով Ու Արարողութիւններով։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, որպէս քաջ հովիւ ու խաղաղութեան պատգամաբեր, (այսօր) ուրբաթ 14 սեպտեմբերի առաւօտ մեկնեցաւ դէպի Լիբանան, ուր մինչեւ 16 սեպտեմբեր հովուական այցելութիւն կը կատարէ Լիբանան, հաշտութեան, խաղաղութեան ու եղբայրակցութեան իր պատգամը ուղղելով ոչ միայն Լիբանանի այլ եւ Միջին Արեւելքի բոլոր երկիրներու` քրիստոնեայ թէ իսլամ բոլոր ժողովուրդներուն։

Իր այս 24-րդ ճամբորդութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը պիտի յանձնէ իր Առաքելական Յորդորագիրը Միջին Արեւելքի մասին` պտուղը 2010-ի Հոկտեմբերին Վատիկան կայացած Սիւնոդոսի աշխատանքներուն, եւ պիտի աղօթէ այդ աշխարհամասի խաղաղութեան համար եւ քաջալերէ քրիստոնեաները ըլլալու՝ հաշտութեան դերակատարներ։
Այս ճամբորդութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետին կ'ընկերանայ մեծ պատուիրակութիւն մը կարտինալներու` կարտինալ Պերթոնէ` Վատիկանի պետական քարտուղարը, կարտինալ Սանտրի կառավարիչը արեւելեան եկեղեցիներու, կարտինալ Թոռան` նախագահը միջկրօններու քահանայապետական խորհուրդի, կարտինալ Գոխ` նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի։ Նոյնպէս Սրբազան Հօր կ'ընկերանան 50 լրագրողներ։
Բարի գալուստի արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը՝ Միշէլ Սուլէյման եւ իր կողակիցը, Ազգային ժողովի նախագահը Նապիհ Պըրրի եւ նախարարապետ Նաժիպ Միքաթի, Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու պատրիարքները գլխաւորութեամբ՝ Մարոնիներու Պշարա Ռայի Պատրիարքին, տեղական Եկեղեցւոյ զանազան դաւանանքներու, օրթոտոքս թէ բողոքական, պատուիրակները, դիւանագիտական Մարմինը, ինչպէս նաեւ Իսլամ կրօնապետերը։
Բարի գալուստի արարողութենէն անմիջապէս ետք Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ առաքելական դեսպանատուն` Հարիսա։
ՀԱՐՒՍՍԱ գիւղաքաղաքը կը գտնուի 550 մեթր բարձրութիւն ունեցող բլուրի մը գագաթը, որը կ՝իշխէ ծովեզերքին ու Ճիւնիէյի ծովախորշին վրայ։ Հոս կառուցուած է Լիբանանի Տիրամօր Սրբավայրը 1904ին, Անարատ Յղութեան Վրդապետութեան հռչակումի 50երորդ տարեդարձի առթիւ, երջանկայիշատակ Պիոս Թ.Քահանայապետի կողմէ։ Սրբավայրի բացումը կատարուած է Մայիս ամսուայ առաջին կիրակի օրը 1908ին,դառնալով ապա Լիբանանի Տիրամօր Տօնակատարութեան օրը ։Տիրամօր արձանը 8,50 մեթր բարձրութեամբ շինուած է, եւ ունի 15 թոն ծանրութիւն։
Մարեմեան պաշտամունքի ծագումը Միջին Արեւելքի մէջ, Եկեղեցւոյ առաջին պահերէն իսկ սկիզբ առած է։ Մարոնի Եկեղեցին Սուրբ Կոյս Մարիամը կը տօնէ տարուայ ընթացքին 13 անգամ, եւ հազուագիւտ են այն գիւղերը ուր կ՝ապրին Մարոնի քրիստոնեաները որ չունենան Եկեղեցի մը,Սրբավայր մը կամ Որմնախորշ մը նուիրուած՝Տիրամօր։.

Յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը Կ՝ուղղուի Յոյն-Մելքիթ Կաթողիկէներուն Ս. Պօղոս-ի անուան գեղակերտ Պազելիքան, ուր կը ստորագրէ Միջին Արեւելքի մասին յետ-սիւնոդոսական Առաքելական Յորդորագիրը որը ապա կը յանձնուի բոլոր Պատրիարքներուն ու Եպիսկոպոսներուն ։

Յոյն-Մելքիթ կաթողիկէներուն Ս. Պօղոսի անուան Գեղակերտ Պազելիքան, Գործն Է Հայազգի Պոյաճեան Ճարտարապետին, պազելիքան մաս կը կազմէ մեծ համալիրի մը, որ կը ներփակէ աւագ դպրեվանք մը, գրագէտներու տուն, նուիրուած Ս. Գիրքի ուսումնասիրութեան, Եկեղեցւոյ վարդապետութեան բնագիրներու արաբերէն թարգմանութիւնը եւ արաբերէն հոգեւոր ամսաթերթի հրատարակութիւն ։ Համալիրի շինութիւնը սկիզբ առաւ 1909-ին, որպէս աթոռը Ս. Պօղոսի առաքեալներու նորահաստատ Յոյն- Կաթողիկէ Միաբանութեան։ Ապա համալիրը ունեցաւ իր տպագրատունը, շրջանի նոր սերունդին սորվեցնելու տպագրութեան արհեստը։
Պօղոսեան Միաբանութիւնը 1952-ին կը հիմնէ իմաստասիրութեան ու աստուածաբանութեան հաստատութիւնը։ 1947-1962 կը կառուցուի Ս. Պետրոս ու Ս. Պօղոս առաքելապետերու նուիրուած պազելիքան` փոքր կրկնօրինակը Պոլսոյ հռչակաւոր Սանդա Սոֆիա պազիլիքային, որուն գմբէթները հեռուէն` ծովու ափերէն կը տեսնուէնին։
Երաջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը այս Պազելիքան այցելած էր 1997-ի մայիսին։ Ս Պօղոս պազելիքան կարող է ընդունիլ շուրջ 450 հաւատացեալներ։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Լիբանան իր կեցութեան ընթացքին պիտի այցելէ Լիբանանի Կաթողիկէ երեք Պատրիարքութիւնները։
Շաբաթ, 15 սեպտեմբերին, Նորին Սրբութիւնը պատմական այցելութիւն մը պիտի կատարէ ՜՜Զմմառու՝ Աստուածամօր Վերափոխման վանքը՝՝, հիւրընկալութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին ։ Այդ առթիւ Նորին Սրբութիւնը պիտի օրհնէ հայ տպագրութեան առաջին մատեանին՝ ՝՝Ուրբաթագիրք՝՝ին տպագրիչ-հրատարակիչ Յակոբ Մեղապարտի նորակերտ արձանը, որ կառուցուեցաւ հայկական տպագրութեան երախայրիքին 500-ամեայ Յոբելեանին առիթով (2012)։








All the contents on this site are copyrighted ©.