Լիբանանի Նախագահ Միշել Սլէյմանի Բարի Գալուստի Խօսքը։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ընդունելութեան արտասանած իր խօսքին մէջ, Լիբանանի
նախագահ Միշէլ Սլէյման ըսաւ, որ Լիբանան Առաքելական աթոռին հետ կապուած է պատմական անխախտ
կապերով` անորմէ մշտապէս ստանալով զօրակցութիւն եւ օրհնութիւն: Ան բարի գալուստ մաղթեց
պապին այն երկիրը, որուն վրայ ոտք դրած է Յիսուս Քրիստոս եւ որ եղած է վկայութեան վայր
հրաշքներու եւ սրբագործութեանց: Նախագահը վեր բերաւ Լիբանանի քաղաքակրթական առաքելութիւնը`
որպէս գիտութիւններու եւ իմաստութեան օրրան եւ տարածման միջավայր, ինչպէս նաեւ համայնքներու
խաղաղ համակեցութեան օրինակ: Ան դիտել տուաւ, որ պապին այցելութիւնը յատկանշականօրէն
կը զուգադիպի տօնին Սուրբ Խաչի, որ խոհրդանիշն է յարութեան եւ յաւիտենական կեանքին, մաղթելով
որ անիկա լոյս եւ երանութիւն բերէ նահատակութեան եւ երկխօսութեան այս հայրենիքին: Այս
առիթով նախագահ Սըլեյման անդրադարձաւ պաղեստինեան հարցին, շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ
գտնուող պաղեստիցի գաղթականներուն օժանդակութիւնը միջազգային պատասխանատուութիւն մըն
է, որ պէտք է կատարուի մինչեւ այս դատին եւ միջին արեւելեան տագնապին արդար լուծումը:
Սլէյման այս ծիրին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան, իր սահմանադրութեան իսկ համաձայն, կը մերժէ
լիբանանեան հողին վրայ պաղեստինցիներու վերաբնակեցումը, այլ կը պահանջէ անոնց հայրենադարձութիւնը`
Պաղեստին: