2012-09-13 12:24:45

Պենկազիի Մէջ Կատարուած Յարձակումին Զոհ Գացած՝ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը՝ Քրիս Ըսթիվընս։ Օպամա Լիպիա Կ՝ուղղէ Ամերիկեան Երկու Մարտանաւեր։


Լիպիոյ Պենկազի քաղաքին մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Քրիս Ըսթիվընսի ու Հիւպատոսարանի երեք աշխատակիցներու սպաննութենէն ետք կացութիւնը կը մնայ յետին լարուած Լիպիոյ մէջ։
ԱՄՆ-հրահանգած է ամերիկացի բոլոր քաղաքացիներուն (դիւանագէտներ եւ ոչ) անմիջապէս հեռանալ այդ Երկրէն։ Վատ ոճրափորձի որպէս դրդապատճառ նկատուած հակա-իսլամական,պղծախօս շարժանկարը պատրուակ կը նկատուի, իրականութեան մէջ Պէնկազիի Ամերիկեան Դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումը Ալ Քայիտայի կողմէ մեծ ոճով կազմակերուած ահափեչկան գործողութեան մը յատկանիշները ունի, վրէժը լուծելու կազմակերպութեան(Ալ Քայիտա) թիւ երկուքի սպաննութիւնը,այլ 11 Սեպտեմբեր մը կարելի է ըսել (անոր համար որ ընտրուած թուականը նոյնն է)։ Վաշինկթըն այս մարտահրաւէրին կը պատասխանէ Լիպիա ուղղելով ՝՝Թոմահոք՝՝ տիպի հրթիւռներ կրող ամերիկեան երկու մարտանաւեր ։ Մինչ այդ Լիպիոյ Նորընտրեալ Կառավարութիւնը ՝՝ներողութիւն՝՝ խնդրած է Օպամայէն պատահածին համար։
Ամերիկայի Նախագահը միւս կողմէ հեռաձայնած է Եգիպտոսի նախագահ Մուրսիին շեշտելով ՝՝ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութիւնները ու անոնց անձնակազմը պաշտպանելու կարեւորութիւնը՝՝։ Գահիրէի Ամերիկեան Դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած ցոյցերը վիարաւորեալներ պատճառած են ։ Իսկ Եմենի մայրաքաղաքին մէջ ցուցարարները Ամերիկեան Դեսպանատուն ներխուժելով ամերիկեան դրօշը վար առած են ,անոր տեղ բարձրացնելով իսլամութեան դրօշը։ Կացութիւնը լարուած է նաեւ Թիւնիզի,Կազայի ու Աֆղանիստանի մէջ, միշտ խնդրոյ առարկայ հակա-Մահմէտական կինոյի պատճառաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.