2012-09-13 13:34:54

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կը Հրաւիրէ Հաւատացեալները "Աղօթելու" Լիբանան Կատարելիք Իր Ճամբորդութեան Յաջողութեանը Համար։



Մաղթելով որ անիկա նպաստէ խաղաղութեան իրականացումին՝ բազմազանութեան յարգանքով
Չորեքշաբթի օրը Ընդհանուր Ունկնդրութեան ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը խնդրեց ներկաներէն որ իրենց աղօթքով ընկերանան իրեն, ուրբաթ օրը Լիբանան կատարելիք ճամբորդութեան առթիւ , որու ընթացքին Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն պիտի յանձնէ յետ սիւնոդոսական Յորդորագիրը։
Կ՝աղօթեմ (ըսաւ Սրբազան Հայրը) որ այցելութիւնը քաջալերէ քրիստոնեաները ու սատարէ խաղաղութեան ու եղբայրակցութեան հաստատումին՝ այդ աշխարհամասի բնակիչներու միջեւ։
Սրբազան Հայրը յայտնեց որ ուխտագնացութեանը ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ Լիբանանի բոլոր ներկայացուցիչներու հետ` թէ աշխարհական թէ եկեղեցական։ Գոհութիւն կը մատուցանեմ Աստուծոյ, Լիբանանի համայնքներու զանազանութեան ու հարստութեան համար, որ կարող է գոյատեւել եթէ բոլոր հասարակութիւնները ապրին մշտատեւ խաղաղութեամբ ու հաշտութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ` քրիստոնեաներու ներկայութեանը համար Լիբանան, եւ թէ Միջին Արեւելք, Տիրոջմէն խնդրելով որ ամրապնդէ անոնց հաւատքը։ Քաջալերելով բոլոր եկեղեցիները ՝՝ըլլալու Քրիստոսի ճշմարիտ վկաները՝՝ Քահանայապետը իր գնահատանքը յայտնեց այն անհատներու եւ հաստատութիւններու համար որոնք կարեւոր դեր կը կատարեն քրիստոնէական տարբեր համայնքներու մօտ՝ զարգացնելով միջ-կրօնական ու միջ-մշակութային երկխօսութիւնը ։
Իր կարգին Երուսաղէմի Լատիներու Պատրիարքը Գերերջանիկ Թուալ Պատրաիրքը մամուլին հետ ունեցած ելոյթով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան մասին արտայայտուելով, խնդրեց որ ՝՝համայն Եկեղեցին մօտ ըլլայ Միջին Արեւելքին՝՝։ Մենք (ըսաւ Պատրիարքը) որպէս Ս. Երկրի, Պաղեստինի ու Յորդանանի Եկեղեցիներ, չորս Եպիսկոպոսներ Լիբանան կ'երթանք, Սրբազան Հօր ձեռքէն ընդունելու Միջին Արեւելքի յետ Սիւնոդոսական Յորդորագիրը։ Սուրիոյ ներկայ վիճակի պատճառաւ մտահոգութեամբ ու վախով կ'ապրինք։ Սրբազան Քահանայապետէն կը սպասենք քաջալերանք, աղօթք եւ կոչ, կոչ մը ուղղուած համայն աշխարհի, Եկեղեցւոյ ու բոլոր քրիստոնեաներուն որպէսզի մօտ ըլլան Միջին Արեւելքին ու Ս. Երկրին, որու մասին ներկայիս ոչ ոք կը խօսի։








All the contents on this site are copyrighted ©.