2012-09-13 13:32:08

Հայաստանի “Կրթութիւն” Շաբաթաթերթը Ծաւալուն Յօդուած Մը Յատկացուցած Է 25-ամեայ Հարպոյեան Վարժարանին Մասին։


Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան “Կրթութիւն” շաբաթաթերթի 36-37 համարին մէջ (05.09.2012) լոյս տեսաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի «Թռիչք» պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վարդան Թաշճեանի յօդուածը, նուիրուած վարժարանին` անոր հիմնադրութեան 25 ամեակին առիթով: Ամբողջ մէկ էջ ծաւալի վրայ տարածուած յօդուածին մէջ. Վ. Թաշճեան կը ներկայացնէ վարժարանի անցած կրթական ուղին, անոր հիմնադրութեան պայմանները, վարժարանի նկարագիրը` իբրեւ լիբանանահայ եւ կաթողիկէ կրթութեան ու դաստիարակութեան հաստատութիւն, անոր ձեռքբերումներն ու ներդրումը` լիբանանահայ համայնքային կեանքին:
Յօդուածը իր տեսակին մէջ առաջինն է իբրեւ «Կրթութիւն» շաբաթաթաթերթի «Սփիւռք» բաժնի նիւթ: Յօդուածին կ'ընկերանան նկարներ` Հարպոյեանի դպրոցական առօրեայէն:
Յայտնենք, որ «Կրթութիւն» շաբաթաթաթերթը պաշտօնական հրատարակութիւններէն մէկն է Հայաստանի կրթական նախարարութեան: Անիկա լոյս կը տեսնէ տպագիր (3500 օրինակ) եւ ելեկտրոնային տարբերակներով:
Յօդուածը տեղադրուած է Հայաստանի կրթական նախարարութեան կայքէջին վրայ (), ուղղակի կապն է` (էջ 12)








All the contents on this site are copyrighted ©.