2012-09-12 12:29:44

Պենետիկտոս ԺԶ . Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Աղօթքը Յայտնութեան Գիրքի Բ մասին մէջ։ '' Գառն Աստուծոյ Իշխանութիւն Կ'առնէ''
Չորեքշաբթի 12 սեպտեմբեր, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն, համախմբուած Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան հսկայ սրահին մէջ։

Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը ՝՝Աղօթքի՝՝ մասին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.
՝՝Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Ս. Յովհաննէս-ի Յայտնութեան Գիրքի Բ մասին մէջ, Աղօթքը՝ կը բացուի աշխարհին ուր Եկեղեցին գոյութիւն ունի եւ կը գործէ։ Հասարակութիւնը ուրախ է Քրիստոսի պատկանելուն համար եւ, աղօթքի շնորհիւ, հասարակութիւնը կանչուած է կարդալու ու հաւատքով զատորոշելու կեանքի դէպքերը, ու համագործակցելու Աստուծոյ Արքայութեան փառքին համար, եւ արգելք հանդիսանալու Չարին, որ կը գործէ Աստուծոյ Ուխտին դէմ։ Մարդու գործած չարիքներուն ի տես ու անոր զոհերուն համար, քրիստոնեայ հասարակութիւնը պէտք չէ յոռետես ըլլայ ու վհատի, քանի Աստուծոյ զօրութիւնը մտած է մարդու պատմութեան մէջ։
Յայտնութեան Գիրքը (ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը) կը քաջալերէ յաղթելու չարին՝ բարիք գործելով, ու մեր աչքերը սեւեռելու Խաչեցեալ ու Յարուցեալ Քրիստոսի վրայ, որը մեզ մասնակից կը դարձնէ իր Յաղթանակին, ու մեզի կը յայտնէ աստուածային ծրագրին խոր իմաստը։ Աղօթքը մեզ կը դաստիարակէ տեսնելու Աստուծոյ ներկայութիւնը ու ներգործութիւնը եւ ըլլալու ''բարիքի լոյսերը'' ու համակերպողները Աստուծոյ կամքին։ Հակառակ մեր տկարութեան, մեր բոլոր աղօթքները կը հասնին զգայուն ու գթառատ Աստուծոյ սրտին, որ կը միջամտէ ու արգելք կը հանդիսանայ Չարին ներգործութեան։

Աղօթքը առաջին ու ամենէն ազդու միջոցն է հակազդելու մեր անզօրութեան զգացումին յաչս չարին, քանի Աստուծոյ զօրութիւնը մեր տկարութիւնը պտղաբեր կը դարձնէ։
Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց մէջբերելով Յայտնութեան Գիրքին եզրափակիչ խօսքերը. Յիսուս յաճախ կրկնած է սա խօսքերը.''Ահաւասիկ ես շուտով կու գամ''։ Այս հաստատումը ոչ միայն կը մատնանշէ ժամանակներու աւարտին ապագայի հեռանկարը, այլ եւ ներկան, Յիսուս կու գայ բնակութիւն հաստատելու անոր մօտ որ իրեն կը հաւատայ ու զինք կ'ընդունի։ Հասարակութիւնը, առաջնորդուած Ս. Հոգիէն, Յիսուսին կ՝ըսէ ''եկուր''։ Եւ ''Հարսի'' նման ջերմօրէն կը ձգտի հարսանիքի պսակումին բացագանչելով ''ամէն Եկուր, Տէր Յիսուս''։ Եւ Յայտնութեան Գիրքը կ'եզրափակուի դրսեւորելով նշանակութիւնը այդ ներկայութեան. ''Շնորհքն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի թող ըլլայ բոլոր սուրբերուն վրայ Ամէն'' ։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ըսելով ՝՝ Յայտնութեան Գիրքը կը ներփակէ հասարակաց աղօթքի մեծագոյն կառոյցը։ Այս գիրքը նաեւ մեզ կը հրաւիրէ ճանչնալու Ամենասուրբ Հաղորդութեան բարեփոխիչ զօրութիւնը։ Կը հրաւիրեմ ձեզ կիրակի օրերը հաւատրմութեամբ եկեղեցի երթալու, մասնակցելով Սուրբ Պատարագին, ուր պիտի գտնէք հարկաւոր ոյժը դիմադրելու՝ Չարին։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց ունկնդրութեան ներկայ՝ երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով. ՝՝սիրելիներ Քրիստոսի լոյսը թող միշտ լուսաւորէ ձեր կեանքը ու զայն բարիքներով պտղաբեր դարձնէ՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.