2012-09-12 12:51:12

Թրքական Դրոշմաթուղթին Վրայ Պիտի Նշուի «Հայաստան» Անունը,իբրեւ Յաղթող Երկիր (Հայկ Դեմոյան) ։


Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը . «Հայաստանի Ճատրակի յաղթանակի բերկրանքը աւելի քաղցրացնելու համար ըսեմ, որ ըստ գոյութիւն ունեցող կարգին` Թուրքիոյ նամակատնային ծառայութիւնը այս տարի պիտի հրապարակէ յատուկ դրոշմաթուղթ, առաջին օրուան ծրար եւ բացիկ` նուիրուած Պոլսոյ մէջ կայացած Ճատրակի Համաշխարհային Ողիմպիականի կայացման: Իբրեւ կանոն, այսպիսի պաշտօնական նամակատնային հրապարակումներու վրայ յատուկ կերպով կը նշուի տուեալ մրցումին յաղթանակ արձանագրած երկրի անունը:
Այսպէս թրքական դրոշմաթուղթին վրայ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի նշուի «Հայաստան» անունը` իբրեւ յաղթող երկիր»:








All the contents on this site are copyrighted ©.