2012-09-12 13:44:13

Էջ մը Հայ Մատենագրութենէն։
Թովմաս ԱՐԾՐՈՒՆԻ


9-րդ Դարուն մեծագոյն պատմաբանն է Թովմաս Արծրունի։ Ան ժամանակակից էր Յովհաննէս Դրասխանակերտցի կաթողիկոսին, սակայն իր հմտութեամբ կը գերազանցէ բոլոր իր ժամանակի հեղինակները։ Մասնաւոր տեղեկութիւններ չունինք իր կեանքի մասին, սակայն, իր իսկ վկայութեամբ ան աշակերտած է Եղիշէ Վարդապետին. Անշուշտ 5-րդ դարու հեղինակը չէ այլ ուրիշ Եղիշէ մը, որուն մասին տեղեկութիւններ չունինք։ Չենք գիտեր նաեւ թէ Արծրունեաց ո՞ր մէկ վարդապետանոցին մէջ ան ուսած է։
10-րդ դարուն սկիզբը, Գագիկ Արծրունի, Վասպուրականի իշխանը, որ շատ մը քաջագործութիւններ կատարած էր, փափաք յայտնեց որ գրուի Արծրունիներու պատմութիւնը, ինչպէս ուրիշներ ըրած էին Արշակունիներու, Բագրատունիներու եւ կամ Մամիկոնեաններու համար։ Անոր գործադրութիւնը յանձնեց Թովմաս Արծրունիի որ բաւական հմտութիւն ցոյց տուած էր արդէն գրութեան մէջ եւ ինք եւս կը պատկանէր Արծրունիներու ցեղին։
Թովմաս, լի հայրենասիրութեամբ, գործի լծուեցաւ եւ սկսաւ պրպտել զանազան աղբիւրներ, մանաւանդ յոյն եւ ասորի պատմիչներու քով. Օգտուեցաւ նաեւ Մովսէս Խորենացիի, Փաւստոս Բիւզանդացիի եւ այլ հայ պատմագիրներու գրուածքներէն։ Ի վերջոյ գրեց ընդարձակ հայոց պատմութիւն մը, որուն մէջ տեղ կը գտնէր նաեւ Արծրունեաց պատմութիւնը, չորս գլուխներու մէջ ամփոփուած, զոր ինք կը կոչէ դպրութիւն։
Առաջին դպրութեան նիւթը ընդհանուր մարդկային ազգին պատմութենէն կը սկսի. Ադամ, Նոյ, Բաբելոնի աշտարակ… ապա` կու գայ Հայկի եւ Բելի պատմութիւնը, որմէ կ՛անցնի Ասորեստանի հզօր թագաւորութեան պատմութեան եւ անկումին, Կիւրոս պարսիկի ձեռամբ։ Կիւրոսէն ետք` հայկական իշխանութիւնները կը սկսին բարգաւաճիլ ու ձեւաւորուիլ մինչեւ թագաւորութեան աստիճանի հասնիլը։ Կը խօսի Աղեքսանդր Մեծի յաղթանակներուն մասին եւ կը հասնի Արծրունեաց ցեղի առաջին իշխանին որ է Ասուդ նահապետը. Ան զինակից էր Դարեհ պարսիկներու թագաւորին. Երբ այս վերջինը կը կորսնցնէ պատերազմը յոյներու դէմ, Աղեքսանդր գերի կը բռնէ Ասուդը, սակայն իր քաջութեան համար, զինք կը ղրկէ Եգիպտոս, իր զօրավարին` Պտղոմայիսի մօտ. Հոն կը ստանայ զօրավարի կարգ եւ կը ծառայէ յոյներու բանակին մէջ։ Թովմաս կ՛անցնի ապա Հայ Արշակունիներու թագաւորութեան եւ կը հասնի մինչեւ Արծրունիներու ցեղի նախատինքը հանդիսացող` Մերուժան Արծրունի մատնիչի յիշատակին։
Երկրորդ դպրութեան նիւթը կ՛ընդգրկէ 400 տարի եւ կը սկսի Վարդանանց պատերազմէն. Գովութեամբ կը խօսի Վարդանի նիզակակից Վահան Արծրունիի քաջագործութիւններուն մասին։ Կը շարունակէ պատմութիւնը մինչեւ արաբական արշաւանքներու շրջանը եւ անոնց սարսափելի Յուսուփ ոստիկանի կատարած ասպատակութիւնները Հայաստանի մէջ։
Երրորդ դպրութիւը 30 տարուայ պատմութիւն մըն է, ուստի ժամանակակից է հեղինակին. Հոս է որ գլխաւորաբար կը խօսի Արծրունի իշխաններու մասին եւ Արաբներու դէմ անոնց կատարած արշաւանքներուն շուրջ. Չորրորդ դպրութիւնը նուիրուած է Գագիկ Արծրունիի գործերուն եւ կը հասնի մինչեւ 930 թուականը։
Թովմաս մաքուր ոճ եւ լեզու ունի, երբեմն սակայն խրթին կը դառնայ իր լեզուն, ժամանակի գրականութեան ազդեցութեան տակ։ Իր պատմութիւնը առաջին անգամ տպագրուեցաւ Պոլսոյ մէջ 1852-ին. Ապա` ֆրանսերէն լեզուով` 1874-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.