2012-09-12 12:41:10

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հանդիպումը Զագգա Ա. Պատրիարքին


Արամ Ա. կաթողիկոս` ընկերակցութեամբ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանին եւ գաւազանակիր Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանին,( կիրակի գիշեր) այցելութիւն մը տուաւ ասորիներու Զագգա Ա. պատրիարքին` Աթշանէի ասորական վանքին մէջ: Պատրիարքը առողջական նպատակով երկու ամիսէ ի վեր կը գտնուէր Գերմանիա եւ ապաքինման շրջան մը պիտի անցընէ Լիբանանի մէջ:
Վեհափառը իր շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքները ներկայացուց պատրիարքին: Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ ասորի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու ներկայութեան, ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու հայ եւ ասորի եկեղեցիներու յարաբերութիւնը, ու յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները:














All the contents on this site are copyrighted ©.