2012-09-12 12:33:17

Ակնարկ Մը Լիբանանի Հանրապետութեան ու Լիբանանի Եկեղեցիին։


Պատրաստութիւն՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հովուական Պատմական Այցելութեան։
Լիբանանի Հանրապետութեան տարածքը 10 452 քլմ քառ. է , իսկ բնակչութեան թիւը (ըստ ՄԱԿի՝ 1 յուլիս 2010-ի տուեալներուն) կը հասնի 4.227.597ի, (4 միլիոն 227 հազար եւ 597)։ Մայրաքաղաքն է Պէյրութ, այլ քաղաքներն են Թրիբոլի, Սիդոն, Պաալպէք եւ Զահլէ։ Բնակչութեան մեծ մասը արաբներ են, կան պաղեստինցիներ (շուրջ 10 առ հարիւրը) հայեր, ասորիներ, պարսիկներ եւայլն.Պաշտօնական լեզուն արաբերէնն է, կը խօսուի նաեւ ֆրանսերէն եւ անգլերէն։ Գործածուող դրամը Լիբանանեան լիրա է (կամ լիբանանեան թուղթ) ։ Լիբանանը անդամ է Արբական Միութեան, OCI-ի՝ (Իսլամական դասի կազմակերպութեան) եւ ONU -ի՝ ՄԱԿ-ի։
Պատմական տուեալներ եւ քաղաքական տեսանկիւնը
Լիբանանը մաս կը կազմէր Օսմանեան Կայսրութեան, 1920-ին պաշտօնապէս փոխանցուեցաւ ֆրանսային։ Անկախութիւնը ստացաւ 26 նոյեմբեր 1941-ին եւ ներկայիս Խորհրդարանական Հանրապետութիւն մըն է։ Սահմանադրութիւնը կը հաստատէ Պետութեան յարգանքը բոլոր կրօնքներուն, եւ կ՝ապահովէ անոնց ինքնավարութիւնը, օրէնսդրական եւ դատական, ամուսնութեան եւ ընտանիքի վերաբերեալ։ Գոյութիւն չունի ոեւէ պետական կրօնք։ Շուրջ չորս ու կէս միլիոն բնակչութեան երկու միլիոնը կաթողիկէ են։
Լիբանանը դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունի Ս. Աթոռին հետ. եւ այժմու Առաքելական Նուիրակն է, Mons. Gabriele Giordano Caccia՝ տիտղոսաւոր Արքեպ. Sepino-ի (16 յուլիս 2009-էն ի վեր)
Լիբանանի կաթողիկէ եկեղեցին։
Միջին Արեւելքի 7 պատրիարքական աթոռներու երեքը Լիբանան կը գտնուին. Մարոնիներու Անտիոքի պատրիարքութիւնը, Ասորիներու Անտիոքի Պատրիարքութիւն, Տանն Կիլիկիոյ Կաթ. Հայոց Պատրիարքութիւնը։ Եկեղեցական գաւառները 24, ժողովրդապետութիւնները 1,126, այլ հովուական կեդրոնները 39։ Եպիսկոպոսներու թիւնը 53 է։ Կը գործեն 1543 քահանաներ, որոնց 840-ը՝ թեմական քահանաներ իսկ 703-ը՝ կրօնաւոր քահանաներ են, եկեղեցիներու մէջ կը ծառայեն 33 մնայուն սարկաւագներ։
Նուիրեալ կրօնաւորներու թիւը շուրջ 2800 է, 2300 է աւելի աշխարհական միսիոնարներ կան, եւ 483 կրօնուսոյցներ մեծ նուիրումով կը գործեն, հաւատացեալներու ի սպաս։ Լիբանան հարուստ է փոքր եւ աւագ նորընծայարաններով ուր կը պատրաստուին բազմաթիւ ապագայ քահանաներ։ Եկեղեցին ոչ միայն հոգեւորութեամբ այլ նաեւ բարեսիրական, կրթական- դաստարակչական, խնամական ու ընկերային հարցերով կը զբաղի՝ իր զանազան կեդրոններովը։








All the contents on this site are copyrighted ©.