«Հայութիւնը Լաւ Վիճակի Մէջ Է Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին» Կ՝ընդգծէ Երեսփոխան Յակոբ
Բագրատունի։
Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Նահար»
օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է որ ՝՝հայութիւնը Պուրճ Համուտի
մէջ եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին լաւ վիճակի մէջ է՝՝ : Ան շեշտած , որ Պուրճ Համուտի
մէջ ապահովական կայունութեան պահպանումը լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է
եւ ոչ թէ ՀՅ Դաշնակցութեան պատասխանատուութիւնը: «Այսօր կարելի չէ ըսել, որ Պուրճ
Համուտը հայութեան հիմնական միջնաբերդն է, այլ պէտք է ըսել, որ այդ միջնաբերդը կ՛ընդարձակուի
մինչեւ Անթիլիաս` հասնելով մինչեւ Պէյթ Քըքոյի բարձունքները: Սակայն առաջին միջնաբերդին
նկատմամբ երախտագիտութեան զգացումն է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հոն կը պահէ` իբրեւ հիմնական
կեդրոն եւ աշխուժ ներկայութիւն», ըսած է ան: Անդրադառնալով ապա Սուրիահայութեան
դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին` Յ. Բագրատունի ըսած է , որ ինք կը հաւատայ, թէ թրքական
եւ օսմանական բռնատիրութեան ներքեւ ապրած հայը կրնայ նաեւ դիմագրաւել ներկայ մարտահրաւէրները:
«Այդ իրականութեան փաստը այն է, որ հայերը կառչած կը մնան իրենց հողին եւ Սուրիայէն դէպի
Լիբանան գաղթող հայութեան թիւը աննշան է: Յ. Բագրատունի նշեց, որ սուրիահայութիւնը
Սուրիոյ մէջ աւելի ապահով վայրեր կը փոխադրուի, «սակայն գաղթող սուրիահայերուն թիւը տասնեակները
չեն անցնիր», ըսաւ ան: Հուսկ՝ Լիբանանեան իրադարձութիւններուն ակնարկելով` երեսփոխան
Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական իրավիճակը մնայուն կերպով կ՛ազդուի
արաբական եւ շրջանային իրադարձութիւններէն, յատկապէս այս հանգրուանին եւ մասնաւորապէս
Սուրիոյ զարգացումներէն: