2012-09-11 12:41:19

Կարտինալ Սանտրիի Գնահատումով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Այցը Լիբանան Մարգարէական Բնոյթ Պիտի Ունենայ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը Լիբանան, նախատեսուած յառաջիկայ սեպտեմբեր 14-16 պիտի հանդիսանայ որպէս սիրոյ ու երկխօսութեան ներկայութիւն մը, ըսաւ կարտինալ Սանտրի` կառավարիչը Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին մամուլին հետ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին։ Ան ընդգծեց որ Աւետարանն ու քրիստոնէութիւնը բնաւ չեն կարող հանդիսանալ որպէս դրդապատճառ բռնութեան, ատելութեան ու բաժանումի։ Սրբազան Քահանայապետը իր այս այցելութեամբ վկայութիւն պիտի տայ աւետարանական խաղաղութեան ու սիրոյ -հաստատեց կարտինալ Սանտրին - աւելցնելով <<կը խորհիմ որ այս այցելութիւնը իրապէս մարգարէական է Եկեղեցւոյ ու համայն Միջին Արեւելքին համար։>>








All the contents on this site are copyrighted ©.