2012-09-11 13:30:13

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Իր Մտահոգութիւնը Կը Յայտնէ Փաքիստանի Մէջ Տեղի Ունեցող Պարտադիր Կրօնափոխութեան Ու Ամուսնութիւններու Ի Տես։


Յունաստանի Կրետէ կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական կոմիտէի ժողովը։ Մասնակցողները չորս սեպտեմբերին պաշտօնական յայտարութիւն մը կատարեցին իրենց մտահոգութիւնը յայտնելով ի տես Փաքիստանի մէջ տեղի ունեցող ինտու եւ քրիստոնեայ փոքրամսնութիւններու դէմ կատարուած արեւանգումներու, պարտադիր կրօնափոխութեան եւ բռնի ամուսնութիւններու։
Յայտարաութիւնը կը խնդրէ Փաքիստանի կառավարութենէն պատշաճ կարգադրութիւններ որդեգրել պաշտպանելու համար փոքրամասնութիւնները եւ միաժամանակ միջազգային հասարակութենէն կը խնդրէ որ միշտատեւ ճնշում բանեցնէ Փաքիստանի կառավարութեան վրայ նախատեսելու արեւնագումները, կրօնափոխութիւնը իսլամութեան ու փոքրամասնութեան պատկան դեռատի աղջիկներու ստիպողական ամուսնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.