2012-09-10 14:58:54

Վատիկանը Կը Յիշեցնէ Սուրիոյ Քրիստոնեաներուն Կամուրջներ Հանդիսանալու Երկրի Զանազան Հասարակութիւնները Քով-Քովի Բերելու Համար։


Անցեալ 7 եւ 8 սեպտեմբերին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Միջկրօնական միջազգային բանախօսութիւն որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ
Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի քարտուղարը հայր Միկէլ Ամճէլ Աեուզօ Կիքսոդին։ Իր միջամտութեան ընթացքին Վատիկանի ներկայացուցիչը խօսելով Սուրիոյ քրիստոնեաեներու մասին ըսաւ <<անոնք պէտք են կամուրջ հանդիսանալ երկրի զանազան հասարակութիւններու միջեւ։>> Անդրադառնալով հուսկ սուրիոյ տագնապին Հայր Կիքսոն 5 կարեւոր կէտերու մէջ ամփոփեց հարցերու լուծման գործընթացը. 1) Բռնութիւններու անմիջական դադրեցում։ 2) Երկխօսութիւնը որպէս միակ ճանապարհ ի պատասխան Սուրիոյ ժոպովուրդի ձգտումներուն։ 3) Երկրի միսակնականութեան եւ անբաժանութեան սկզբունքի հաստատումը կրօններու բազմազանութեան հանդերձ։ 4) Պահանջ սուրիոյ կառավարութեան ընդունելու միջազգային հանրութեան արդար մտահոգութիւնները ու անոնց ընդարաջել։ 5) Միջազգային հանրութեան ուղղուած յորդոր նուիրուելու Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատաման ի խնդիր։ Հայր Կիքսոն հաստատեց թէ Տամսկոսի կառավարութիւնը կը մնայ օրինաւոր բանակցող կողմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.