2012-09-10 12:15:35

Մարոնիներու Պշարա Ռայի Պատրիարքը Կը Շեշտէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Այցելութեան Կարեւորութիւնը։ Վատիկան Կը Հաստատէ Այդ Այցելութեան Կայացումը։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի Պատրիարքը, Շուֆ կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին երէկ Ֆուարայի Ս. Անտոնիոս Եկեղեցւոյ մէջ մատոյց կիրակի օրուան Ս. Պատարագը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ շրջանին մէջ ապրող քրիստոնեայ ժողովուրդները չեն կրնար մոռնալ, թէ մկրտութեամբ իրենց փոխանցուած ինքնութիւնը զանոնք վերածած է՝ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ պատգամ ունեցող ժողովուրդներու:
Ռայի Պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանապետին կողմէ ստորագրուելիք Առաքելական Յորդորագիրը պիտի կրէ «Համագործակցութիւն եւ Վկայութիւն» կարգախօսը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ ան պիտի բացայայտէ պատասխանատուութիւններն ու մարտահրաւէրները, որոնք կ՛ուղղեն դէպի Գարուն:
Ռայի Պատրիարքը կոչ ուղղեց յաջողցնելու Պենետիկտոս ԺԶ. Պապին Լիբանան այցելութիւնը,աւելցնելով, որ Ս. Անտոնիոս Եկեղեցւոյ օծումին առիթով ինք կոչ կ՛ուղղէ հաւատացեալներուն զօրացնելու իրենց հաւատքը:
Ռայի Պատրիարքը բարձր գնահատեց նաեւ այն որ 1993-ին տուն դարձած գաղթական լիբանանցիները յաջողած են կառուցել Ս.Անտոնիոս Եկեղեցին:
Նշենք, որ Ռայի Պատրիարքը այցելեց նաեւ Մուխթարայի Պալատը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ ողջունեց Ռայի Պատրիարքին կատարած այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր ի գործ դրած ջանքերը` ի խնդիր լիբանանեան ազգային համերաշխութեան պահպանումին:

Միւս կողմէ, Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը երէկուան(Կիրակի 9 Սեպտեմբերին արտասանած) իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ ինք ուրախ է լիբանանցի ժողովուրդին եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն իր կատարելիք այցելութեանը համար , որ տեղի կ՝ունենայ 14-16 սեպտեմբեր:
Պապը շեշտեց, որ Լիբանան եւ անոր ընդմէջէն Միջին Արեւելք իր կատարելիք այցելութիւնը պիտի կատարուի ՝՝Խաղաղութեան՝՝ Կարգախօսի հիման վրայ:
Ան աւելցուց, որ ինք յանձնառու է Լիբանանի ազգային երկխօսութեան եւ լիբանանցիներուն միջեւ ծրագրուած հաշտութիւններուն, որոնք պէտք է առաջնահերթ ըլլան:
Քահանայապետը նշեց, որ ինք կը բաժնեկցի Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն ցաւերը,երկխօսութեան կոչ կ՝ուղղէ բոլորին, շեշտելով որ անիկա է միակ միջոցն է Շրջանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդելու:

Իսկ Վատիկանի բանբեր հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի յայտնեց, որ Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան այցելութիւնը քաջ եւ յուսալի քայլ մըն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.