2012-09-10 12:50:40

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Մամլոյ Ասուլիսը Ի Տես Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան Կատարելիք Առաքելական Այցելութան։


Երեքշաբթի 11 սեպտեմբերի կէսօրին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս մը յատկացուած հայ հաղորդամիջոցներուն համար, զոր պիտի կատարէ հայ կաթողիկէ պատրիարքական դիւանը, Զմմառու Վանքի վարչութեան հետ միասին:
Մամլոյ ասուլիսը պիտի ներկայացնեն Վարդան Վրդ. Գազանճեան եւ Զմմառու Վանքի մեծաւոր Հայր Գաբրիէլ Մուրատեան։
Ասուլիսի ընթացքին պիտի ներկայացուի հայերէնով սրբազան քահանայապետին լիբանան կատարելիք Հովուական այցելութեան ընդհանուր ու պաշտօնական յայտագիրը:

Մինչ համայն Լիբանանը խանդավարութեամբ կը պատրաստուի ընդունելու Ս. Պետրոսի յաջորդը կազմակերպելով աղօթքի հանդիպումներ եւ հսկումներ, հայ կաթողիկէ Եկեղեցին եւս իր կարգին նախաձեռնած է աղօթքի հանդիպում մը՝ հինգշաբթի օրը երեկոյեան ժամը 8.00-ին Պուրժ Համուտի «Սուրբ Փրկիչ» Եկեղեցւոյ մէջ, ուր համայն թեմական կառոյցները պիտի հանդիպին աղօթելու՝ Քահանայապետին այցելութեան համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.