2012-09-10 12:49:41

Լիբանանի՝ Գարիթասի Նախագահը Մեծ Ականկալութիւններ Ունի Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան Այցելութենէն։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր գալուստով Լիբանան ի յայտ պիտի բերէ սուրիացի փախստականներու ողբերգութիւնը։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Լիբանան պատմական այցելութիւնը Միջին Արեւելքի ներկայ փոթորկալից կացութեան մէջ, աւելի թանկագին պիտի դառնայ (յայտարարած է Լիբանանի Գարիթասի նախագահը հայր Սիմոն ֆատուլ)։
Ան կը յուսայ որ Սրբազան Քահանայապետին ներկայութիւնը Լիբանան, պիտի ստարէ որ միջազգային հանրային կարծիքը աւելի կեդրոնանայ Սուրիայէն եկող աւելի քան 150 հազար փախստականներու ողբերգութեան վրայ։
Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը բնականաբար պիտի սատարէ աւելի մօտէն հետաքրքրուելու Միջին Արեւելքի այս նոր կացութեան վրայ։ Արդէն բազմաթիւ լրագրողներ հաւատարմագրուած են մօտէն հետեւելու Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան։ Յայտնենք որ քրիստոնեաներն ու մահմետականները անհամբեր կը սպասեն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Լիբանան գալուստը, ինչպէս նաեւ քաղաքական Լիբանանը հակառակ իր բաժանումին իր խանդավառութիւնը յայտնած է Սրբազան Հօր գալստեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.