2012-09-10 12:34:15

Ըստ ֆրանսուա Հոլլանտի Հայոց Ցեղասպանութեան Նոր Օրինագիծը Կը Գտնուի Ուսումնասիրման Փուլի Մէջ։


«Նուվել տ՛Արմենի» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ պատասխանած է Արման Մխիթարեանի, որ նախագահին Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծի որդեգրման խոստումին վերաբերեալ հարցում ուղղած էր) : Հոլլանտ իր նամակին մէջ հաստատած է, որ նոր օրինագիծը կը գտնուի ուսումնասիրման փուլի մէջ:
Ֆրանսայի նախագահի ներկայացուցիչը մանսաւորաբար գրած է. «Ֆրանսուա Հոլլանտ մտադիր է կատարել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին հետ կապուած պարտաւորութիւնը, որ ստանձնած էր նախընտրական արշաւի ժամանակ, եւ ինչպէս վերջերս յիշեցուցած էր Ֆրանսայի Հայ Համայնքին:
«Ինչպէս ծանօթ է, Սահմանադրական Խորհուրդը գտած էր, որ նախորդ օրինագիծը կը հակասէ սահմանադրութեան: Ուստի անհրաժեշտ է այնպիսի լուծում մը գտնել որ յիշողութեան պարտքն ու հանրապետութեան օրէնքները պիտի համաձայնեցնէ, որպէսզի անիկա Սահմանադարական Խորհուրդի կառոյցին կողմէ քննադատութեան չարժանանայ: Կառավարութիւնը այդ աշխատանքին ձեռնամուխ եղած է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.