2012-09-09 12:58:24

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 9 սեպտեմբերի կէսօրին Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական պալատի մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը հոն համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը կատարեց` մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները քաղուած Մարկոսի աւետարանի 7րդ գլուխէն ուր կը խօսուի խուլ ու համրի բուժումի մասին <<Յիսուս աչքերը երկինք բարձրացնելով հառաչեց եւ ըսաւ <<Եեփփաթա>> որ կը նշանակէ` բացուէ։>> Նորին Սրբութիւնը բացատրեց <<Եեփփաթա>> բարին իմաստն ու նշանակութիւնը որուն մէջ համառօտուած է Քրիստոսի գործունէութեան պատգամը - ըսաւ Ան։ <<Եեփփաթա>> բացուէ։ Յիսուս կը հրաւիրէ ամէն հաւատացեալ բացուելու Անոր փրկարար Խօսքին։ Ան մարդեղացաւ որպէսզի մարդը, որ մեղքով դարձած էր համր ու խուլ, կարելիութիւնը ունենայ ունկնդրելու Աստուծոյ ձայնը, Սիրոյ ձայնը որ սրտին կը խօսի։
Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը եզրափակեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը յայցելով որպէսզի Անոր մայրական գութը մեզի համար ընդունի շնորհքը ամէն օր հաւատքի մէջ փորձարկելու <<Եեփփաթա>> յի հրաշքը ու ապրելու Աստուծոյ եւ մեր եղբայրակիցներուն հետ յաղորդութեան մէջ։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու ապա զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները յատուկէն ողջողնի խօսք մը ուղղելով Լիբանանցի եւ միջին արեւելքի հաւատացեալներուն ու ապա բոլորին ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.