2012-09-08 13:38:50

Սան Մարինօ Հանրապետութեան Խաղաղութեան Ի Խնդիր Նախաձեռնութիւն։


Սան Մարինօյի նախագահն ու նախարարպետը 8 սեպտեմբերին Թոռաչիա օդակայան կը ժամանեն բացումը կատարելու, ընկերակցութեամբ Ս. Աթոռի մօտ հաւատարամգրուած դեսպանին, գեղարուեստական ցուցահանդէսի մը նուիրուած օդանաւի թռիչքին պատմութեան` գործը գեղարուեստագետուհի Քիարա տել Վեքիոյի։
Նկարչութիւնը կ'արտատպէ օդաչու ֆրանչէսքօ Պարագայի օդանաւը։ Պատկերագրական գծագրութիւնը 301 օրինակով արտատպուած է որոնք արուեստագէտին ստորագրութիւնը կը կրեն ։ Կիրակի 9 սեպտեմբերին վերոյիշեալ խումբը քահանայապետական ամարանոց կը հասնի Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին յանձնելու ''խաղաղութեան թռիչք'' գծանկարը, եւ անոր յայտնելու խաղաղութեան ու արեւշատութեան բարեմաղթութիւնները։
Յայտնենք որ անցեալ յունիս 2011-ին Սրբազան Քահանայապետը այցելած էր Սան Մարինօյի հանրապետութիւնը, որ հիմնուած է 301 թուականին Սան Մարչէլլինօ Քահանայապետի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.