2012-09-08 11:28:54

Հրացազրոյց Վլատիմիր Փութինի Հետ։
«Մենք Սուրիոյ Մէջ Փոփոխութեան Անհրաժեշտութեան Կը Գիտակցինք, Սակայն Այդ Մէկը Չի Նշանակեր, Որ Փոփոխութիւնը Արիւնալի Պէտք Է Ըլլայ» Կը Յայտարարէ Վլատիմիր ՓՈՒԹԻՆ :


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «ներկայիս Սուրիոյ մէջ բռնութեան կիրարկումը մեզի մտահոգութիւն կը պատճառէ»` աւելցնելով, որ «թերեւս սուրիական տագնապի լուծման մէջ մեր գործընկերները պէտք է իրենց կեցուածքը վերատեսութեան ենթարկեն եւ ոչ թէ մենք»:
Փութին շեշտեց, որ պէտք է Սուրիա զէնքի ուղարկումը դադրեցնել; յայտարարելով, որ «մենք Սուրիոյ մէջ փոփոխութեան անհրաժեշտութեան կը գիտակցինք, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ փոփոխութիւնը արիւնալի պէտք է ըլլայ»:
Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ տագնապի բոլոր կողմերուն բանակցութեան սեղանին նստիլ պարտադրելը կարեւոր է», եւ հարց տուաւ.
«Այն արաբական երկիրներուն մէջ, ուր իշխանափոխութիւն տեղի ունեցաւ, արդեօք կարգ ու կանոն եւ հանգստութիւն տիրե՞ց»:
«Մենք չենք ուզեր մենք մեզ իսլամական ներքին տագնապներու մէջ խրել` շիիներուն, սիւննիներուն, ալեւիներուն եւ ուրիշներուն»` նշելով, որ «այսօր ոմանք կ՛ուզեն Քայիտան եւ անոր նմանները օգտագործել Սուրիոյ մէջ իրենց նպատակները իրականացնելու համար, եւ ատիկա վտանգաւոր է»:

Իսկ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի «իրերայաջորդ անբարտաւան» յայտարարութիւնները, որոնց վերջինը կատարուած էր երեքշաբթի օր, երբ Էրտողան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատը ամբաստանեց «ահաբեկչական պետութիւն» հաստատելու յանցանքով:








All the contents on this site are copyrighted ©.