2012-09-08 13:39:50

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Կոմիտէի Նիստ Կրետէի Մէջ։


Կրետէի մէջ, 28 Օգոստոսէն մինչեւ 5 սեպտեմբեր տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական կոմիտէի նիստը, որու օրակարգի հիմնական նիւթը 2013-ի աշնան Հարաւային Գորէայի Պուսան քաղաքը տեղի ունենալիք ԵՀԽ.ի՝ (Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի) գլխաւոր համաժողովն էր։
Համաժողովին թեման է ՜՜Կեանքի Աստուած, ցոյց տուր մեզ արդարութեան եւ խաղաղութեան ճանապարհը՝՝։
Կրետէի ժողովին մասնակցեցան ԵՀԽ.ի Գործադիր կոմիտէի անդամ՝ Վիգէն արքեպ. Այքազեան, եւ ԵՀԽ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ՝ Փոլայ Տէր-Մաթոյեան։
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ հանդիպում ԵՀԽ Կեդրոնական կոմիտէի Ուղղափառ անդամներու եւ ՜՜Կլոպալ՝՝ քրիստոնէական ֆորումի ներկայացուցիչներու միջեւ, այս առթիւ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան Կլոպալ քրիստոնէական ֆորումի գործունէութեան եւ յետագայ զարգացման մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.