2012-09-08 11:32:44

Բակօ Սահակեանի Երդման Արարողութիւնը ։


Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի յատուկ նիստը, նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան նախագահի երդման արարողութեան:
Երդման արարողութենէն ետք նախագահ Բակօ Սահակեան ելոյթ ունեցաւ: Երկրին ղեկավարը Վերածնունդի հրապարակին վրայ երկրին բարձրաստիճան ղեկավարութեան հետ ներկայ գտնուեցաւ զինեալ ուժերու զօրահանդէսին:
Զօրահանդէսին ներկայ եղան Հայաստանի կառավարական պատուիրակութիւնը` նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ հայոց թեմի առաջնորդ, Ռուսիոյ մէջ հայրապետական պատուիրակ Եզրաս եպս. Ներսիսեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Արցախի ղեկավարութիւնը, ներկայացուցիչներ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, ինչպէս նաեւ արտերկրէն հիւրեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.