2012-09-08 12:46:38

2012-ը՝ Հայ Գրքի Տարի


Հռչակուած Արամ Ա. Կաթողիկոսի Կողմէ։
՜՜Գիրերու Գիւտէն Մինչեւ Գրատպութիւն՝՝ Թեմայով Հանրապետական Մրցում։
Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կենտրոնի եւ ՀՀ Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ՝ տեղի կ՝ունենայ ՜՜Գրերի գիւտից մինչեւ գրատպութիւն՝՝ թեմայով հանրապետական մրցոյթ մը նուիրուած՝ Սբ Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1650-ամեակին ու հայ գրատպութեան 500-ամեակին։
Ծրագրի շրջանակներուն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կենտրոնը հրատարակած է ''Գրից մինչեւ գիրք'' գիրքը հեղինակութեամբ՝ բանասէր եւ ուսուցչուհի Մարօ Խաչատրեանի։ Գիրքին մէջ ներկայացուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան բեկումնային իրադարձութիւնը՝ գիրերի գիւտը, եւ գիւտին յաջորդող մշակութային յեղաշրջման ընթացքը մինչեւ հայ գրքի տպագրութիւն ու մինչեւ մեր օրերը։
Գիրքը բաշխուած է ՀՀ հանրակրթական բոլոր դպրոցներուն՝ ծրագրի շուրջ յոբելենական հանդիսութիւններու կազմակերպման ընթացքին, աջակցելու համար ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.