2012-09-07 12:53:06

Պուլկարահայոց Թեմի Հիմնադրման 145-ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով


Սոֆիայի Զինուորական պալատի սրահին մէջ 3 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Պուլկարահայոց Թեմի հիմնադրման 145-ամեակին նուիրուած աննախադէպ գիտաժողով, նախագահութեամբ՝ Պուլկարահայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ Տ Աբար Վրդ Յովակիմեանի, ներկայ էին ՀՀ Մշակոյթի նախարարը՝ Տիկին Յասմիկ Պօղոսեան, Պուլկարիոյ մօտ ՀՀ դեսպանը՝ Արսէն Սհոյեան, Քոյր Եկեղեցիներու, Քրիստոնէական այլ յարանուանութիւններու, Իսլամ ու հրեայ համայնքներու ներկայացուցիչներ, ակադեմիկոսներու նաեւ հայ եւ օտարազգի գիտնականներ։
Ներկայացուած զեկոյցներով ու քննախօսութիւններով անդրադարձ կատարուեցաւ Պուլկարահայ համայնքի առաջացման, Պալքաններու մէջ հայկական ներկայութեան, Պուլկարահայոց Թեմի հիմնադրման նախադրեալներուն, Պուլկարիոյ ու պուլկար ժողովուրդի հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ հայ համայնքի դերակատարութեան ու հայ-պուլկարական յարաբերութիւններու առանձնայատկութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.