2012-09-07 13:31:04

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիտոնէական Հաւատքի Փոխանցումը


Աւետարանելու մեծութիւնը
«Գացէ՛ք ուրեմն, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը ... յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» Մատթ. 28: 19-20:
Ասոնք եղան Յիսուսի վերջին խօսքերը, զորս Ան ուղղեց իր աշակերտներուն, որպէսզի շարունակեն իր Աստուածային առաքելութիւնը, եւ ազգէ ազգ փոխանցեն փրկչական աւետիսը:
Աւելի քան քսան դար անցաւ Յիսուսի գալուստին, եւ հարցումը կը մնայ միեւնոյնը. ի՞նչ կ՛ըսէ այս կոչը մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ « Գացէ՛ք ուրեմն, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազ•երը ... յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»:
Այս կոչը որոշ ազգի մը համար չէ եւ ո՛չ ալ որոշ մշակոյթի մը համար, որովհետեւ Աստուծոյ փրկչագործութիւնը ամբողջ աշխարհին համար է, քանի որ բոլորս ալ անխտիր, ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերին համաձայն:
Քրիստոսի վկային դերը կը նմանի դատարանի վկայի դերին. ան ճշմարտութիւնը կը վկայէ եւ կը պատմէ իր տեսածին համեմատ:
Այսօրուան աշխարհը դժբախտաբար լեցուն է պատերազմներով, ոխով եւ նենգութեամբ, եւ վկային դերն է փաստել թէ ո՛չ սէրը գոյութուն ունի եւ ո՛չ ալ հաւատքը առանց անձնազոհութեան: Քրիստոսի վկան ըլլալու համար պէտք է՝
• Յիսուսը ճանչնալ՝ անձնական փորձառութեամբ:
• Մեղքերու խոստովանութիւնը կատարել Աստուծոյ:
• Լեցուիլ Ս. Հոգիով, որովհետեւ Ինքն է որ մեզի պիտի յիշեցնէ Յիսուսին խօսքերը .« Իսկ մխիթարիչը, Ս. Հոգին, զոր Հայրը պիտի ղրկէ իմ անունովս, պիտի սորվեցնէ ձեզի ամէն բան»:
• Քրիստոսը քարոզել ամբողջ աշխարհին:
• Պատրաստ ըլլալ բոլոր պատահարներուն եւ անակնկալներուն, եւ ընդունիլ ձախողութիւնները յաջողութիւններուն նման:

Ուրեմն մեր Տիրոջ կոչը՝ «Գացէ՛ք ուրեմն, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը ... յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ: Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ինչ որ ես պատուիրեցի ձեզի եւ ես ահաւասիկ ձեզի հետ եմ ամէն օր՝ մինչեւ աշխարհի կատարածը» սովորական կոչ մը չէ, այլ հրաւէր մը ուղղոած ամբողջ մարդկութեան՝ կղերական եւ աշխարհական դասին, որպէսզի ձեռք ձեռքի տուած՝ կարենանք աշխարհին կոչ ուղղել վերագտնելու Աստուծոյ պատկերը՝ սիրոյ եւ խաղաղութեան պատկերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.