2012-09-07 12:46:32

Թուրքիա Միջամուխ Կ՛ըլլայ Փասատինայի Մէջ Ցեղասպանութեան Յուշարձան Բարձրացնելու Ջանքերուն.


Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին նախաձեռնութեամբ, վերջերս Փասատինայի քաղաքապետարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցած է քաղաքի վարչական բաժանմունքին պաշտօնատարներուն եւ Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ փոխհիւպատոս Արիֆ Չիչեքի միջեւ, որուն ընթացքին փոխհիւպատոսը տեղեկութիւններ խնդրած է նոր կազմուած Փասատինայի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի յանձնախումբին մասին: Քաղաքական նպատակներ հետապնդող եւ Թուրքիոյ ուրացման արշաւը Փասատինա հասցուցած այս հանդիպման ընթացքին Չիչեք Փասատինայի քաղաքապետարանի պաշտօնատարներուն նաեւ մատնանշած է, թէ Անգարայի իշխանութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան մասին «տարբեր կարծիք» ունին:
Փասատինայի Հայ դատի յանձնախումբը կը յայտարարէ, թէ կարելի չէ անպատասխան ձգել Չիչեքի կամ թուրք ոեւէ պաշտօնատարի կողմէ նման անպատասխանատու յայտարարութիւն մը, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական անհերքելի իրականութիւն մըն է, որուն շուրջ կարելի չէ բանավէճ ունենալ, կամ «տարբեր կարծիք» ունենալ անոր մասին:
«Թուրքիա պէտք է անյապաղ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը` փոխանակ միջամուխ ըլլալու ամերիկեան քաղաքներու մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու կողմէ նախաձեռնուած ծրագիրներուն», կը յայտարարէ Փասատինայի Հայ դատի յանձնախումբը` յիշեցնելով Թուրքիոյ իշխանութեանց, թէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները ԱԶԱՏ են իրենց գաղափարները իրականացնելու` առանց օտար կառավարութեան միջամտութեան, յատկապէս երբ այդ կառավարութիւնը մարդկային տարրական իրաւուքները ՈՏՆԱԿՈԽՈՂ ԵՐԿԻՐ մըն է եւ շարունակաբար կը փորձէ, իսկ դաշնակցային մակարդակի վրայ (նաեւ կը յաջողի) Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը քողարկել:
Փասատինան վերջին քանի մը տասնամեակներուն նոր տուն դարձած է բազմաթիւ հայերու համար եւ 1991-ին նաեւ Հայաստանի Վանաձոր քաղաքին հետ կնքած է քոյր քաղաքի համաձայնութիւն: Վերջին աւելի քան 30 տարիներու ընթացքին քաղաքը նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւներ վաւերացուցած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.