2012-09-07 13:21:10

Զուիցերիոյ Գարիթաս Բարեսիրական Մարմինը 500.000 Զուիցերական ֆրանք Կը Յատկացնէ Սուրիոյ Փախստականներուն Համար։


Աւելի քան 200.00 սուրիացի արդէն երկրէն հեռացած են։
Զուիցերիոյ Գարիթաս բարեսիրական մարմինը որպէս շտապ օգնութիւն 500 հազար զուիցերական ֆրանք յատկացուցած է Սուրիոյ փախստականներուն համար։
Արդարեւ՝ աւելի քան 200 հազար հոգի հեռացած են Սուրիայէն ապաստան գտնելով դրացի երկիրներու մօտ` Յորդանան, Լիբանան, Իրաք եւ Թուրքիա։ Այդ օգնութիւններուն մէկ մասը յատկացուած է Հոմս ու Հալէպ ապրող ընտանիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.