2012-09-07 13:21:18

Գրիգոր Լահհամ Գ Պատրիարքը Համերաշխութեան Միջազգային Զօրակոչի Կը Դիմէ։


<<Սուրիոյ համար համերաշխութիւնը փրկութեան միակ ճանապարհն է>> այս է պատգամը որ Յոյն Կաթողիկէ Մէլքիթներու Պատրիարքը Գերերջանիկ Գրիգոր Գ Լահհամը ուղղած է Դամասկոսէն։ Լահհամ պատրիարքը բաց նամակ մը յղած է քրիստոնեաներուն ու համայն աշխարհին որուն մէջ կը յայտնէ թէ Սուրիոյ մէջ <<բռնութեան ճանապարհը գերիշխած է երկխօսութեան ճանապարհի վրայ>> եւ թէ ասոր հետեւանքով <<ընտանիքի, հասարակութեան եւ ազգային ծիրէն ներս շատ վէրքեր բացուած են>>։ Պատրիարքը կը յայտնէ թէ այս վէրքերու եւ ցաւերու դարմանումին ճարը՝ համերաշխութիւնն է, դէմ դիմաց կանգնելով ու երկխօսութիւն հաստատելով>> դժուար ճանապարհ մըն է, բայց միակն է, տրամաբանականը՝ որ լաւ ապագայ կը խոստանայ։ Բռնութիւնը Բռնութիւն կը յարուցանէ, իսկ երկխօսութիւնը կ՛ամրապնդէ ու պտղաբեր կը դարձնէ երկխօսութիւնը։ Համերաշխութիւնը սրտերն ու հոգիները կը պատրաստէ ի տես յաւելեալ երկխօսութեան եւ համերաշխութեան։>> Պատրիարքը հուսկ կոչ կ՛ուղղէ Հոգեւոր Պետերուն իրենց ջանքերը միացնելու <<սուրիոյ մէջ համերաշխութեան միջազգային զօրակոչի>> դիմելով որպէսզի Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատուի։ Միանգամայն կը հրաւիրէ Քրիստոնեանրը համբերութիւն ունենալու ու չլքելու երկիրը ու կ՛աղօթէ որ բռնութենէն անդին տարբեր ճանապարհ մը գտնուի եւ ոչ մէկը կարենայ բռնութեամբ հասնի յաղթանակի, հաստատելով որ ամէնքն ալ <<ներողութեամբ>> յաղթական են, եզրափակելով որ պատրաստ նոնիսկ իր կեանքը տալու <<ներումի>> խորհուրդին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.